ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Պրազիլիայի « Էսթատօ Նասիոնալ Տը Պրազիլիա» մարզադաշտին վրայ Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը եօթին մեկնարկեց Մոնտիալ2014-ի Գ.Խմբակի երկրորդ հանգրուանի Գոլոմպիա – Փղոսկրեայ Ափունք հանդիպումը: Գոլոմպիա իր առաջին հանդիպումին 3-0 պարտութեան մատնած էր Յունաստանը: Ափրիկեցիները 2-1 հաշուով պարտութիւն մը կրած էին Ճափոնէն:
Զոյգ հաւաքականները դաշտ ներկայացան յաղթելու նպատակով: Երկուտեք կորսնցուցին կոլ նշանակելու բազմաթիւ առիթներ: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ:
Փղոսկեայ Ափունք դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պարի, Օրիյէր,Զոքորա, Պամպա, Պոքա, Սերէյ, Թիոթէ, Թուրէ, Կրատէլ, Պոնի Ճերվինիօ: Ափրիկեան խումբը մրցումը սկսաւ4-3-3 խաղաոճով:
Գոլոմպիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Օսփինա, Զունիկա, Զափաթա, Եփէս, Արմերօ, Ակուիլէր, Սանչէզ, Կուատրատօ, Ռոտրիկէզ, Իպարպօ, Կութիյէրէզ:Հարաւամերիկացիները հանդիպումը սկսան 4-2-3-1 խաղաոճով: