ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Սաօ Փաուլոյի « Արենա Քորինթիանզ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ եւ Ուրուկույի միջեւ սպասուած ճակատումը: Նախապէս՝ Մոնտիալի պատմութեան մէջ զոյգ խումբերը միայն երկու անգամ հանդիպած են իրարու դէմ. 1954-ին, Ուրուկուէյ՝ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնած Է Անգլիան եւ հասած քառորդ աւարտական հանգրուան: 1966-ին՝ հանդիպումը աւարտած է 0-0 հաւասարութեամբ:Զոյգ խումբերը Մոնտիալի առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրած ըլլալով, դաշտ ներկայացան յաղթանակ ապահովելու վճռակամութեամբ: Մարասէրները դիտեցին յարձակողական ֆութպոլի գեղեցիկ մրցում մը: 39-րդ վայրկեանին, Լուիս Սուարէզ նշանակեց մրցումին եւ Ուրուկուէյի առաջին կոլը:Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ Ուրուկուէյի առաւելութեամբ՝ 1-0: Բ.կիսախաղի սկիզբը Ուրուկուէյ առնուազն կրնար եռապատկել հաշիւը: Ուրուկուէյցիները աքցանի տակ վերցուցին Անգլիոյ բերդը: Անգլիացիները հակազդեցին: 52-րդ եւ 54-րդ վայրկեաններուն անգլիացիները կորսնցուցին հաւասարելու ոսկէ առիթներ: 75-րդ վայրկեանին Ուէյն Ռունի հաւասարեցուց հաշիւը: Սակայն Լուիս Սուարէզ անակնկալ մը եւս պատրաստած էր անգլիացիներուն: Արդարեւ, հանդիպման 84-րդ վայրկեանին, Սուարէզ դարձեալ գրաւեց Անգլիոյ բերդը: Հանդիպումը վերջ գտաւ Ուրուկուէյի յաղթանակով: Անգլիա կրեց երկրորդ պարտութիւնը : Լուիս Սուարէզ ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը
Անգլիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Հարթ, Ճոնսըն, Ճակիէլքա, Գէյհիլ, Պէյնզ, Ճեռարտ, Հենտրսըն, Սթերլինկ, Ռունի, Ուելպէք, Սթարիճ:
Ուրուկուէյ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Մուսլերա, Քասերէս, Կիւմենէզ, Կոտին, Փերէյրա, Կոնցալէս, Ռիոս, Լոտէյրօ, Ռոտրիկէզ, Գաւանի, Սուարէզ: