Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Սէուտական Արաբիա: Լաւրով սէուտցի պաշտօնակատարներու պիտի քննարկէ Իրաքի եւ Սուրիոյ իրավիճակը:
Լոնտոնի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Մուհամմէտ Պըն Նաուաֆ Ալ Սաուտ յայտարարեց,թէ Թագաւորութիւնը զօրավիգ կը մնայ Իրաքի հողային ամբողջականութեան եւ միաժամանակ կը մերժէ արտաքին որեւէ միջամտութիւն Իրաքի տագնապին:
Հիւսիսային Քիւրտիստանի աղբիւրներ հաւաստեցին, թէ բազմաթիւ օտարներ Տաաշ ահաբեկչական կազմակերպութեան կողքին, զէնք բարձրացուցած են Իրաքի իշխանութիւններուն դէմ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Ալ Խալիժ» օրաթերթը կը զգուշացնէ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ դէպքերը կրնան տարածուիլ Արաբական Թերակղզիին մէջ: Ռազմական գետնի վրայ իրադրութիւնը կը մնայ լարուած: Բանակը, Պաղտատէն դուրս գտնուող Սալահ էլտտին քաղաքին մէջ ոչնչացուց աւելի քան 70 ծայրայեղականներ: