– Ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուքի եւ ապահովական կառոյցներու թելադրութեամբ, Ամալ կազմակերպութիւնը անորոշ թուականով յետաձգեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ երէկ առաւօտեան մեկնարկելիք տարեկան խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը պիտի հովանաւորէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Ապահովական ուժեր տասնեակաւոր կասկածելիներ ձերբակալեցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կից արուարձաններուն մէջ:
-Ծագումով լիբանանցի՝ իսրայէլեան քաղաքացիութիւն ստացած լրագրող Ճուլի Ապու Արաժ, որ միաժամանակ կ’աշխատակցի իսրայէլեան հեռատեսիլի Թիւ-24 կայանէն, յայտնեց, թէ Մոսատի մօտէն բացայայտած է Այն Հելու գաղթակայանին մէջ, ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմը ականուած ինքնաշարժով սպաննելու ծրագիր մը:
– Վարչական բարեկարգութիւններու նախարար Նեպիլ Տը Ֆրէյժ հաստատեց, թէ հակասական տեղեկութիւններ կը հաղորդուին քաղաքական դէմքերու ուղղուած մահափորձերու մասին, որոնց մէջ կը յիշատակուի Նեպիհ Պըրրիի անունը: Նախարարը յայտնեց,թէ աշխատավարձերու յաւելումի շուրջ ծագած տարակարծութիւնները կեդրոնացած են մուտքերը ապահովելու միջոցներուն շուրջ:
– Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս եւ ՄԱԿ-ի կից գաղթականաց հարցերու պատուիրակ Անթոնիօ Կոթիրէս քննարկեցին սուրիացի գաղթականներուն ընկերային պամանները: Տըրպաս յայտնեց, թէ որոշում գոյացած է մերժելու ոչ պատերազմական գօտիներէն սուրիացիներու մուտքը Լիբանան: