Ուսուցիչները կը մերժեն սրբագրել պետական քննութիւնները, պահանջելով որ խորհրդարանը նախ հաստատէ աշխատավարձերու յաւելումի օրինագիծը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, թէ ամբողջ խնդիրը կը կայանայ նոր նախագահի ընտրութեան մէջ, այլապէս օրինագիծին շուրջարդէն իսկ գոյացած է գրաւոր համաձայնութիւն: Պըրրի՝ գոհացում տալու համար յաւելումին վերաբերեալ Մուսթաքպալ Հոսանքի պահանջներուն, խոստացաւ յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէին մէջ երկու առ հարիւրի յաւելում մը կատարել Թէ.Վէ.Ա.-ի տուրքերուն վրայ: Պըրրի շեշտեց,թէ աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարը կախեալ է քաղաքական դիրքորոշումներէն եւ ոչ՝ ելեւմտական թիւերէն: Մուսթաքպալ Հոսանքի պետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց,թէ Թէ.Վէ.Ա.-ի վրայ մէկ առ հարիւրի յաւելում մը կրնայ լաւագոյն լուծումը ըլլալ աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարին: Երեսփոխան Ամմար Հուրի դիտել տուաւ, որ Պըրրիի կողմէ յաւելումներու համար քննարկումներու նիստերը բաց պահելու որոշումը կ’արտայայտէ երկխօսութիւնը շարունակելու անոր տրամադրութիւնը: Ելեւմտական հարցերու նախկին նախարար Ռայա Հասան նշեց, թէ Թէ.Վէ.Ա-ի վրայ ջնջին յաւելում մը արմատական լուծում պիտի բերէ աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարին: