Այսօր առաւօտեան ժամը 10.30-ին պայթում մը պատահեցաւ Տահր Ալ Պայտարի ներքին ապահութեան ուժերու անցարգելին կից վայրի մը մէջ: Ապահովական մարմիններ անմիջապէս փութացին պայթումին վայրը: Նախնական քննութիւններէն ի յայտ եկաւ, թէ պայթումը անձնասպանական գործողութեան հետեւանք էր: Պայթումին վայրը ժամանած Կարմիր Խաչի վարչական տնօրէն Ճորճ Քաթթանէ յայտնեց, թէ առնուազն 25 անձեր վնասուած էին պայթումին հետեւանքով: Պայթումին վայրը նաեւ այցելեց կառավարութեան մօտ զինուորական ատեանի դատախազ Սաքր Սաքրը: Ան ըսաւ, թէ պայթած ռումբը կը կշռէր առնուազն քսան քիլօկրամ: Պատասխանելով հարցումի մը, թէ պայթումին թիրախը, ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ Ապպաս Իպրահիմն էր, ան բաւարարուեցաւ պատասխանելով,թէ հետաքննութիւնները աւարտելէ ետք, պիտի պատասխանէ սոյն հարցումին: Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Իպրահիմ Պասպուս անմիջապէս ժամանեց պայթումին վայրը:
Նշենք,թէ պայթումի պահուն հազարապետ Իպրահիմ շրջագայութեան մէջ կը գտնուէր Պեքաայի շրջանին մէջ: Իպրահիմ յայտնեց, թէ պայթումը պատահած էր իր կառախումբէն քանի մը մեթր առջեւ: Հազարապետ Իպրահիմ զարմանք յայտնեց, պայթումէն ժամեր առաջ, իսրայէլեան Մոսատի կողմէ իր դէմ պատրաստուող մահափորձին մասին կատարուած յայտարարութեան: Ան միաժամանակ յայտնեց, թէ Համրայի մէջ պատահածը ապացոյց էր, որ ապահովական մարմիններ զգօնութեամբ կը հետեւին ապահովական կայունութեան: Հազարապետ Իպրահիմ ըսաւ, թէ պիտի չարտօնէ, որ ահաբեկչութիւնը յաղթանակէ, իսկ ապահովութեան ուժերը ահազանգային վիճակի մէջ կը գտնուին ամբողջութեամբ: Իպրահիմ ըսաւ, թէ Լիբանան պիտի չվերածուի նոր Իրաքի մը,իսկ ահաբեկչոթեան թիրախը համայն Լիբանանն է:
Հազարապետ Իպրահիմ ըսաւ, թէ ապահովական ուժեր խուզարկած են Համարայի մէջ գտնուող Նափոլիոն պանդոկը եւ կատարած տասնեակէ աւելի ձերբակալութիւններ: Ապպաս Իպրահիմ ուղղակիօրէն Մոսատը ամբաստանեց՝ իր դէմ պատրաստուած մահափորձին պատասխանատուութեամբ, վկայելով պայթումէն ժամեր առաջ Մոսատէն ձեռք բերուած փաստաթուղը: «Ահաբեկչութիւնը բազմաթիւ դէմքեր ունի, Իսրայէլը այդ դէմքերէն մէկն է» ըսաւ Իպրահիմ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ նախնական տուեալներով, անձ մը մահացած էր պայթումին հետեւանքով: 32 ուրիշներ փոխադրուած են տարբեր հիւանդանոցներ: Միացեալ Նահանգներ դատապարտեց Տահր Ալ Պայտարի պայթումը, խոստանալով Լիբանանի կողքին կենալ՝ ահաբեկչութեան դէմ: