ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Մոնտիալ 2014-ի խմբային հանգրուանի Զ. Խմբակի մրցումներուն գծով Արժանթին – Իրան հանդիպումը կայացաւ Պելօ Հորիզոնթէի « Էսթատօ Կովերնատոր Փինթօ» մարզադաշտին մէջ: Արժանթինի հաւաքականը փորձեց յաջորդական երկրորդ յաղթանակը արձանագրել, Պոսնիոյ դէմ՝ 2-1 յաղթանակէն ետք: Իրան՝ առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը ձեռք բերած էր Նիճերիոյ դէմ: Հանդիպումը սկսաւ արժանթինցիներու յարձակումներով: Իրանցիները ցուցադրեցին յամառ կամք: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ՝0-0 հաւասարութեամբ:
Արժանթին դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ռոմերօ, Զապալեթա, Կարայ, Ֆերնանտէզ, Ռոխօ, Կակօ, Մասչերանօ, Տի Մարիա, Մեսի, Հիկուային, Ակուերօ: Հարաւամերիկացիները կիրարկեցին 4-2-2-2 խաղաոճ մը:
Իրան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Հակիկի, Հոսէյնի, Սատեղի, Մոնթազերի, Փուլատի,Շոճայէյ, Նեքունամ,Թէյմուրեան, Տեժակա, Կուշանճհատ, Հաճսաֆի: Իրանցիները կիրարկեցին 4-3-3 խաղաոճ մը: