ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Մոնտիալ 2014-ի խմբային հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումներուն, գերմանացիները, Փորթուգալը 4-0 ջախջախելէ ետք, իրենց արժանի մրցակիցը գտան յանձինս Ղանայի: Մազ մնաց,որ աշխարհի բաժակին յաւակնորդները պարտութեամբ հեռանային դաշտէն, Ղանայի նման հաւաքականի մը առջեւ,որուն ֆութպոլիստները համեմատաբար անծանօթ ըլլալով հանդերձ, իրենց արագ, յարձակողական խաղարկութեամբ լուրջ դժուարութեան մատնեցին գերմանացիներուն:
Է.Խմբակի այս հետաքրքրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Գասթելոյի «Էսթատիօ Կովերնատոր Ատելարտօ» մարզադաշտին մէջ, 59621 մարզասէրներու ներկայութեան: Առաջին իսկ վայրկեանէն, գերմանացիները հասկցան, թէ սովորական խումբ մը չէր Ղանան: Երկկողմ յարձակումներով, կոլային վտանգաւոր պահերով հարուստ մրցումին առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ:
Երկրորդ կիսախաղը շարունակուեցաւ նոյն եղանակով: 51-րդ վայրկեանին, Մարիօ Կէոցէ, գլխու գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց մրցումին եւ Գերմանիոյ կոլը: Այս կոլէն ետք, գերմանացիները կը խորհէին, թէ յաղթահարած էին ափրիկեան խումբին դիմադրութիւնը: Գերմանացիները չարաչար կը սխալէին: 54-րդ վայրկեանին, Անտրէ Այիու գլխու հարուածով մը հաւասարեցուց հաշիւը: Իսկ 63-րդ վայրկեանին, Ասամօա Կիան յառաջ մղեց Ղանան: Գերմանիոյ մարզիչը Եոաքիմ Լէով կատարեց կարգ մը փոփոխութիւններ: Ղանացիները կը ձգտէին նշանակելու երրորդ մը: Սակայն,71-րդ վայրկեանին «Հին աղուես» Միրոսլաւ Քլոզէ, որ հազիւ քանի մը վայրկեան առաջ ներկայացած էր դաշտ, հաւսարեցուց հաշիւը: Զոյգ խումբերը մրցումին մինչեւ վերջին վայրկեանը պայքարեցան յաղթանակով հեռանալու վճռակամութեամբ: Հանդիպումը վերջ գտաւ՝ 2-2 հաւասարութեամբ: Պէտք է նշել, որ Քլոզէի նշանակած հաւասարութեան կոլը անոր 15-րդն էր, Մոնտիալի մրցումներու ընթացքին: Ներկայիս երկու ֆութպոլիստներ՝ Քլոզէ եւ Ռոնալտօ՝15-ական կոլերով, միասնաբար կը գրաւեն Մոնտիալի պատմութեան գլխաւոր «կոլսքորըր»ներու աղիւսակը: Ռոնալտօ անմիջապէս շնորհաւորեց Քլոզէին, այս նուաճումին առիթով: Մարիօ Կէոցէ ընտրուեցաւ հանդիպումին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Հաւաքականները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով՝ Գերմանիա. Նոյէր,Պոթենկ (Մուսթաֆի), Հովատէս,Լամ,Մերթսաքէր, Հիւմէլս, Խետիրա(Շուայնշթայկր), Քրուս,Միւլըր, Օզիլ, Կէոցէ (Քլոզէ):
Ղանա. Տոտա, Աֆուլ, Ասամօա, Մունթարի,Պոյէ, Մենսա, Ացու(Ուաքասօ), Ռապիու(Պատու),Կիան, Պոթենկ (Ճէյ. Այիու), Ա. Այիու:
Է. ԽՄԲԱԿԻ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԸ
1- Գերմանիա՝ 2 մրց. 4 կէտ
2- Միացեալ Նահանգներ՝ 1մրց. 3 կէտ
3- Ղանա՝ 2մրց. 1 կէտ
4- Փորթուգալ՝ 1 մրց. 0 կէտ