ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Ը. Խմբակին մէջ, «Էսթատիօ Պիյէրա-Ռիօ» մարզադաշտին մէջ, 48849 մարզասէրներու ներկայութեան, Հարաւային Քորէա մրցեցաւ Ալճերիոյ դէմ: Երկու հաւաքականներուն միջեւ այս հանդիպումը պաշտօնական առաջինն էր: 14 Յունիս 1985-ին անոնց միջեւ Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունեցած էր բարեկամական հանդիպում մը, որ աւարտած էր քորէացիներու յաղթանակով՝ 2-0: Հարաւային Քորէա կը նկատուի այս Մոնտիալի ամենաերիտասարդ եւ անփորձ եւ hաւաքականներէն: Անոր վերջնական 22-ին մէջ, 14-ին տարիքը 25-էն նուազ է:
Մրցումը սկսաւ Ալճերիոյ յարձակումներով եւ մնաց անփոփոխ մինչեւ կիսախաղ: Օգտուելով ասիական հաւաքականին պաշտպանողական սխալներէն, Իսլամ Սլիմանի՝ 25-րդ եւ Ռաֆիք Հալիշ՝ 28-րդ վայրկեաններուն`2-0 արդիւնքով առաւելութիւն մը ստեղծեցին յօգուտ Ալճերիոյ: 38-րդ վայրկեանին Ճապու՝3-0-ի վերածեց հաշիւը: Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ Ալճերիոյ առաւելութեամբ՝ 3-0:
Բ.կիսախաղին քորէացիները հակազդեցին: 50-րդ վայրկեանին, Մին Սոն՝ 3-1-ի կրճատեց հաշիւը: Սակայն, 61-րդ վայրկեանին, Պրահիմի՝ 4-1-ի վերածեց հաշիւը: 72-րդ վայրկեանին, Ճա Չէյոլ 4-2-ի վերածեց հաշիւը:Հաշիւը մինչեւ մրցումին աւարտը մնաց անփոփոխ: Ալճերիոյ հաւաքականը Մոնտիալի պատմութեան մէջ դարձաւ մրցակիցի դարպասին մէջ չորս կոլ նշանակող առաջին ափրիկեան հաւաքականը:
Ալճերիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ըմպոլհի,Մանտի,Մեժանի,Պուկերա, Հալիշ,Մեսպահ,Ֆեղուլի, Պրահիմի(Լասէն), Ճապու(Խիլաս),Պենթալէպ, Սլիմանի:
Հարաւային Քորէա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ճունկ, Լի, Հո Հոնկ, Կուոն Քիմ, Եանկ Եուն, Եանկ Հան(Վոն Ճի), Եոնկ Լի( Հօ Լի), Եուենկ Քի, Եանկ Փարք(Վուք Քիմ), Չէյոլ Քու, Մին Սոն:
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Պելճիքա՝ 2մրց. 6 կէտ
2- Ալճերիա՝ 2 մրց.3 կէտ
3- Ռուսիա՝ 2 մրց. 1 կէտ
4-Հարաւային Քորէա՝ 2 մրց. 0 կէտ