ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Կիմարէշի «Էսթատիօ Ամերիքօ Կիմարէշ» մարզադաշտին մէջ, Աւստրալիա- Սպանիա ճակատումով աւարտեցաւ Մոնտիալ 2014-ի, Բ. Խմբակի վերջին հանդիպումը: Մոնտիալի վիճակաձգութիւնը կատարուելէ անմիջապէս ետք, ֆութպոլի մասնագէտները սկսան հարցնել՝ո՞վ պիտի ընկերանար 1/16-րդ հանգրուանին Սպանիոյ հաւաքականին. Հոլանտան թէ՞ Չիլին: …Սպանացիները բոլորեցին ձախող Մոնտիալ մը: 2008-ի եւ 2012-ի Եւրոպայի Ազգային խումբերու կրկնակի ախոյեան, 2010-ի Մոնտիալի տիտղոսակիր Սպանիոյ հաւաքականը, վերոյիշեալ երեք տիտղոսները նուաճելու ընթացքին իր բերդին մէջ ընդունած էր միայն վեց կոլ:2014-ի Մոնտիալի առաջին երկու հանդիպումներուն՝ եօթը կոլ…:
Երկու հաւաքականները դաշտ ներկայացան քաջ գիտնալով, որ հանդիպումը պիտի կրէր ձեւական բնոյթ: Մրցումի 37-րդ վայրկեանին, Տաւիտ Վիլլա նշանակեց հանդիպումին եւ Սպանիոյ առաջին կոլը: Կիսախաղը վերջ գտաւ սպանացիներուն առաւելութեամբ:
Աւստրալիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ռայըն, Մքկովան, Սփիրանովիչ, Ուիլքինսըն, Տէյվիտսըն, Մքքէյ, Ետինաք, Պոզանիչ,Լեքի, Թակարթ, Օար:
Սպանիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ռէյնա,Խուանֆրան, Ալպիոլ, Ռամոս, Ալպա, Ալոնզօ, Քոքէ, Գազորլա, Ինիէսթա, Վիլլա, Թորէս: