Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եռակողմ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ: Անոնք քննարկեցին Ուքրանիոյ ճգնաժամը յաղթահարելու միջոցները: Փութին շեշտեց,թէ զինադադար յայտարարելու Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի որոշումը անհրաժեշտ է գործնապէս ամրագրել գետնի վրայ: Այսուհանդերձ, Ռուսիոյ նախագահը խիստ կարեւոր նկատեց Ուքրանիոյ հետ հաշտութեան հիմքի վրայ երկխօսութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը իր զրուցակիցներուն յայտնեց, թէ անցնող 48 ժամերուն ընթացքին, Ուքրանիա ռմբակոծած է ռուսական տարածութիւններ: Ուքրանիոյ նախկին նախագահներ՝ Լէոնիտ Քրավչուք, Լէոնիտ Քուչմա եւ Վիքթոր Եուշչենքօ գրաւոր նամակ մը յղեցին նախագահ Փութինին՝ կոչ ընելով վերջ տալու Ուքրանիոյ դէմ ուղղուած ներխուժումը: Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հերքեց ներխուժումի մասին տեղեկութիւնները, նշելով, թէ Ուքրանիոյ մէջ անհնար է իրավիճակի մեղմացման հասնիլ, առանց ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու: Լաւրով, սոյն տեսակէտը արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակիցին Ճոն Քերրիի հետ հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին:
Լիւքսեմպուրկի մէջ, Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Ուքրանիոյ իրավիճակը: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր բանագնաց Քաթրին Աշթըն դրական գնահատական տուաւ Ուքրանիոյ խաղաղութեան համար նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի մշակած ծրագիրին գործադրութեան:
Գանատա նոր պատժամիջոցներ հաստատեց Ռուսիոյ դէմ: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիյըմ Հէյկ յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է նոր պատժամիջոցներ կիրարկելու Ռուսիոյ դէմ: