Վարչապետ Թամամ Սալամ վերադարձաւ Քուէյթ կատարած երկօրեայ այցելութենէն: Սալամ յայտարարեց, թէ Հինգշաբթի օր, կառավարութեան նիստ մը նախատեսած է վարչապետարանին մէջ: Սալամ նշեց, թէ տակաւին անհամաձայնութիւն կը տիրէ նախագահի բացակայութեան՝ կառավարութեան լիազօրութիւններուն շուրջ: Սալամ նշեց, թէ քուէյթցի պատասխանատուներուն հետ քննարկած է Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ իրազեկ դարձած է շրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ անոնց տեսակէտներուն: Վարչապետ Թամամ Սալամ փորձելով մասամբ փարատել ապահովութեան շուրջ մտահոգութիւնները, յայտարարեց, թէ ապահովական կացութիւնը կը մնայ կայուն: Վարչապետին կարծիքով, Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին ահաբեկչական որոշ բջիջներ, բայց ոչ՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ: Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Դեսպանը մաղթեց, որ շրջանային բախումները չփոխադրուին Լիբանան: Սալամ նաեւ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուքը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարարեց, թէ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները նոր սահմաններ գծելու փորձեր են: Պըըրի՝ նոր նախագահ ընտրելու կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն: Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոբմպլաթ պահանջեց մէկկողմ լքել քաղաքական տարակարծութիւնները եւ նոր նախագահ մը ընտրել:
Երկրին ապահովական վիճակը սառեցուցած է նախագահական ընտրութիւններու, աշխատավարձերու յաւելումներու եւ ընկերային բնոյթի բոլոր օրակարգերը: Բոլոր հոսանքներուն մօտ ներկայիս ապահովական զարգացումները կը մնան տիրական: Լիբանան կրնայ բաց պատուհան մը դառնալ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն առջեւ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իր քաղաքացիներուն թելադրեց անմիջապէս լքել Լիբանանը: Ճեպհէթ Ալ Նուսրա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Լիբանան հաստատուած իր բոլոր զինեալներուն հրահանգեց Արսէլի ճանապարհով վերադառնալ Սուրիա:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
-Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում խորհրդարանական խմբաւորումի պետ Միշէլ Աուն ընդունեց Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասփիքինը եւ քննարկեց լիբանանեան բեմին վերջին զարգացումները:
-Ապահովական մարմիններ Զոքաք ալ Պլաթի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերեւին մեծ քանակութեամբ զէնք եւ հրթիռներ: