ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մայր աթոռ սբ. Էջմիածինի Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Արմաշ արքեպիսկոպոս Նալբանդեանը:
Սրբազանը ուրախութեամբ տեղեկացուց Քեսապի ազատագրումէն ետք հայերու վերադարձի անվտանգութեան ապահովման ուղղուած հայ եկեղեցւոյ ջանքերու մասին:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Դամասկոսի Հայոց թեմի, Սուրիոյ մէջ գործող ՀՀ դեսպանատան, հիւպատոսութեան, իւրաքանչիւր աշխատակիցի հոգեւոր, բարոյական, նիւթական աջակցութիւնը` ուղղուած պատերազմական Սուրիոյ մէջ գտնուող հայերու վիճակի բարելաւման: Ան կարեւոր համարեց Քեսապի եւ միւս հայաշատ բնակավայրերու մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն ընթացքին բարեխնամ առաջնորդի` հայ համայքին ցուցաբերած գործնական եւ ամէնօրեայ նուիրական առաքելութիւնը` ընդգծելով մեր պետութեան օժանդակութեան պատրաստակամութեան մասին:
Զրոյցին ընթացքին տիկին Յակոբեան բարձր գնահատեց Դամասկոսի Հայոց թեմի` Սուրիոյ հայ համայնքի կեանքէն ներս եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած ջանքերը: