ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Սան Փաուլոյի « Արենա Գորինթիանս» մարզադաշտին մէջ, 62996 հանդիսականներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Մոնտիալ 2014-ի Բ. Խմբակի երրորդ օրուան հանդիպումներուն գծով, Հոլանտա- Չիլի ճակատումը:
Զոյգ խումբերըդաշտ ներկայացան իրենց գրպանին մէջ արդէն ունենալով վեցական կէտ: Ռոպին Վան Փըրսի՝ Հոլանտա, Արթուրօ Վիտալ՝ Չիլի կը բացակայէին հանդիպումէն: Երկու բերդերուն առջեւ ստեղծուեցան կոլային լուրջ պահեր:Արիան Ռոպէն ա. կիսախաղի ամբողջ տեւողութեան, մնաց Հոլանտայի ամենավտանգաւոր ֆութպոլիստը: 45 վայրկեաններուն ընթացքին առաւելութիւնը Հոլանտայի կողմը ըլլալով հանդերձ, առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ:Բ. կիսախաղը դարձաւ առաջինին կրկնութիւնը: Երկու խումբերը ստեղծեցին կոլային պահեր, վտանգաւոր յարձակումներ, բայց բերդերը մնացին անշարժ:77-րդ վայրկեանին, դաշտ նոր ներկայացած Լերոյ Ֆէր գլխու գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց Հոլանտայի եւ մրցումին առաջին կոլը: 92-րդ վայրկեանին,Արիան Ռոպէն գեղեցիկ ճեղքում մը կատարեց դաշտին ձախ կողմէն եւ գնդակը փոխանցեց Չիլիի բերդը սուրացող Տեփային : Վերջինս, 2-0-ի վերածեց հաշիւը: Հոլանտա՝ առաւելագոյն ինը կէտերով գլխաւորեց Բ.Խմբակը:
Չիլի դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պրաւօ, Մետէլ, Սիլվա(Վալտիվա),Եարա, Իսլա, Արանկուիզ, Կութիյէրէզ (Պոսըժուր), Տիազ, Մենա, Սանչէզ, Վարկաս(Փինիլա): Չիլիցիները մրցումը սկսան 3-5-2 խաղաոճով:
Հոլանտա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Սիլեսէն, Եանմաաթ, Տը Ֆրէյ, Վլաար, Պլինտ, Քոյթ, Ուինալտոմ, Տը Եոնկ, Շնայտըր(Լերոյ Ֆէր), Ռոպէն Լենս(Տեփայ): Հոլանտացիները նոյնպէս կիրարկեցին 5-3-2 խաղաոճ:’