ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Սան Փաուլոյի « Արենա Գորինթիանս» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնտիալ 2014-ի Բ. Խմբակի երրորդ օրուան հանդիպումներուն գծով, Հոլանտա- Չիլի ճակատումը:
Զոյգ խումբերըդաշտ ներկայացան իրենց գրպանին մէջ արդէն ունենալով վեցական կէտ: Ռոպին Վան Փըրսի՝ Հոլանտա, Արթուրօ Վիտալ՝ Չիլի կը բացակայէին հանդիպումէն: Երկու բերդերուն առջեւ ստեղծուեցան կոլային լուրջ պահեր:Արիան Ռոպէն ա. կիսախաղի ամբողջ տեւողութեան, մնաց Հոլանտայի ամենավտանգաւոր ֆութպոլիստը: 45 վայրկեաններուն ընթացքին առաւելութիւնը Հոլանտայի կողմը ըլլալով հանդերձ, առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ:
Չիլի դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պրաւօ, Մետէլ, Սիլվա,Եարա, Իսլա, Արանկուիզ, Կութերէզ, Տիազ, Մենա, Սանչէզ, Վարկաս: Չիլիցիները մրցումը սկսան 3-5-2 խաղաոճով:
Հոլանտա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Սիլեսէն, Եանմաաթ, Տը Ֆրէյ, Վլաար, Պլինտ, Քոյթ, Ուինալտոմ, Տը Եոնկ, Շնայտըր, Ռոպէն Լենս: Հոլանտացիները նոյնպէս կիրարկեցին 5-3-2 խաղաոճ:’