ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Պելօ Հորիզոնթէի « Էսթատիօ Մինէյարօ» մարզադաշտին մէջ, Անգլիա- Գոսթա Ռիքա հանդիպումով սկսան Մոնտիալ 2014-ի Դ. Խմբակի երրորդ հանգրուանի մրցումները:
Գոսթա Ռիքայի հաւաքականը արդէն իսկ ապահոված է 1/16-րդ հանգրուանի ուղեգիրը: Անգլիոյ համար այս հանդիպումը արժանապատուութեան հարց էր: Նախապէս, Մոնտիալի պատմութեան մէջ Անգլիոյ հաւաքականը միայն 1950 եւ 1958-ին ձախողած է խմբային հանգրուանէն անցնիլ յաջորդ հանգրուան: Այս տարուանը դարձաւ երրորդը: Կ’արժէ նշել, որ Անգլիոյ հաւաքականը նոյն՝ «Պելօ Հորիզոնթէ» մարզադաշտին մէջ կրած է Մոնտիալի պատմութեան ամենացնցիչ պարտութիւններէն մէկը, երբ 1950-ին, 1-0 արդիւնքով խոնարհած է Միացեալ Նահանգներուն առջեւ: Ուստի մրցումէն առաջ իսկ Գոսթա Ռիքայի դէմ պարտութեան ուրուականը կը հալածէր անգլիացիները: Անգլիոյ հաւաքականի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն կատարած էր ինը փոփոխութիւն:
Հանդիպումը սկսաւ Գոսթա Ռիքայի յարձակումներով: Անգլիոյ բերդապահը կատարեց քանի մը կարեւոր միջամտութիւններ եւ յաջողեցաւ մրցումին մէջ պահել իր հաւաքականը: 27-րդ եւ 34-րդ վայրկեաններուն Սթարիճ կորսնցուց ոսկէ առիթներ: Անգլիացիները չտապաւորեցին: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ սպիտակ հաւասարութեամբ:
Երկրորդ կիսախաղը առաջինին կրկնութիւնն էր: Տարածքային առաւելութիւնը Գոսթա Ռիքայի կողմն էր: 64-րդ վայրկեանին, Տանիէլ Սթարիճի անձնասէր խաղը անգլիացիները զրկեց մրցումին առաջին կոլը նշանակելու ուրախութենէն: Հանդիպումը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ:
Գոսթա Ռիքա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Նաւաս, Կամպօա, Տուարթէ, Կոնզալէս, Միլլըր, Տիազ, Ռուիզ, Պորկէս(Պարանթէս), Թեժէտա, Պրենէս(Պոլանոս), Գեմպըլ(Ուրենա):
Անգլիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ֆոսթըր, Ճոնզ, Սմոլինկ, Գէյհիլ, Շօ, Լամփարտ, Ուիլշայր(Ճեռարտ), Միլնըր(Ռունի), Պարքլի, Լալանա(Սթերլինկ), Սթարիճ: