ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Անգլիա- Գոսթա Ռիքա հանդիպումի պահուն, Ռիօ Կրանտէի «Արենա Տաս Տիւնաս» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Իտալիա- Ուրուկուէյ կարեւոր ճակատումը: Իտալիոյ համար հաւասարութիւն մը բաւարար էր ընկերակցելու Գոսթա Ռիքային: Ուրուկուէյ կը պայքարէր յաղթանակի համար:
Հանդիպումը սկսաւ երկկողմ յարձակումներով: Երկու բերդապահները անմիջապէս լծուեցան աշխատանքի: Եօթներորդ վայրկեանին Պուֆոն զսպեց Սուարէզի վտանգաւոր մէկ հարուածը: Խումբերը սկսան կիրարկել կոշտ խաղարկութիւն: 22-րդ վայրկեանին Մարիօ Պալոթելի ստացաւ դեղին տոմս մը:Ան պիտի բացակայի 1/16-րդ հանգրուանի հանդիպումէն: Պուֆոն 32-րդ վայրկեանին դարձեալ փրկեց Իտալիան: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ:
Ուրուկուէյ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝Մուսլերա, Գասերէս, Կիմենէզ, Կոտին, Փերէյրա, Կոնզալէս, Ռիոս,Ռոտրիկէզ, Լոտէյրօ, Գաւանի, Սուարէզ:
Իտալիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պուֆոն, Քելինի, Պոնուչի, Պարզալի,Տը Սիլիօ,Մարչիսիօ, Փիրլօ,Վերաթի, Տարմիան, Իմոպիլէ, Պալոթելի: