-Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Սաատ Հարիրի- Ուալիտ Ճոմպլաթ հանդիպումը փշրած է երկուքին միջեւ գոյութիւն ունեցող սառցակոյտը, առանց լուծումներ բերելու գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն: Ճոմպլաթ յաջողած է համոզել Հարիրիին, թէ Միշէլ Աուն չի կրնար ընդունուիլ իբրեւ համախոհական թեկնածու: Ճոմպլաթ նաեւ փորձած համոզել Հարիրիին՝ երկխօսութիւն վարելու Հըզպալլայի հետ, համախոհական նախագահ մը ընտրելու ուղղութեամբ:
-Լիբանանեան կառավարութիւնը Հինգշաբթի առաւօտեան վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ ընթացիկ նիստ մը: Նիստը, որ պիտի ըլլայ չորրորդը՝ նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի մեկնումէն ետք, պիտի քննարկէ 28 սովորական յօդուածներէ բաղկացած օրակարգ մը: Ուաշինկթըն անգամ մը եւս,Սպիտակ Տան խօսնակ Ճէյ Գառնիի միջոցով, իր զօրակցութիւնը յայտնեց վարչապետ Սալամի կառավարութեան:
– Համրայի «Նափոլիոն» պանդոկին մէջ խուզարկութիւններ կատարելէ ետք, ձերբակալեալներուն հետ հարցաքննութիւնները բացայայտած են ոճրային ծրագիրի մը նախապատրաստութիւնները: Ձերբակալեալներուն մէջ, ֆրանսական քաղաքացիութիւն կրող անձ մը խոստովանած է Ալ Քայիտայի հետ իր յարաբերութիւնները:
– Մարտ 14-ի ուժերը կը յայտնեն, թէ միայն Ուալիտ Ճոմպլաթի շփումները պիտի չերաշխաւորեն նախագահական ընտրութիւններու յաջողութիւնը: Ճոմպլաթ կը նախատեսէ հանդիպումներու շարք մը ունենալ Մարտ 14-ը ներկայացնող կարգ մը պաշտօնակատարներու հետ: Դիւանագիտական աղբիւրներ կը յայտնեն,թէ քուլիսներու ետին շփումներ տեղի կ’ունենան, որպէսզի Միշէլ Աուն հրաժարի նախագահութեան թեկնածութենէն: Ըստ նախատեսութիւններուն, Մարտ 14-ի ուժերը ընդլայնուած հանդիպում մը պիտի ունենան յառաջիկայ ժամերուն, քննարկելու ընտրական գործընթացը եւ Հարիրի –Ճոմպլաթ հանդիպումին մանրամասնութիւնները:
– Լրատուական աղբիւրներու նախատեսութեամբ, յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, Սաատ Հարիրի, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրիի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:
-Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի՝ ամենակարճ միջոցին նախագահ ընտրելու կոչ մը ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն:
– Դեմոկրատական Հանդիպում խորհրդարանական խմբաւորումի նախագահութեան թեկնածու Հանրի Հելու մաղթեց,որ նախագահական գործընթացին վրայ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ Հարիրի- Ճոմպլաթ հանդիպումը:
– Մուսթաքպալ Հոսանքի անդամ, երեսփոխան Սամիր Ճըսր դիտել տուաւ, որ ահաբեկչութիւնը խտրութիւն չի դնել լիբանանցիներուն միջեւ: Ան կը հարուածէ համայն Լիբանանը: Ճըսր, քաղաքական հոսանքներուն միջեւ փոխհասկացութեան կոչ ուղղեց՝ երկիրին նոր նախագահ մը ընտրելու նպատակով:
– Նախագահութեան թեկնածու, Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի պետ Սամիր Ժաաժա այցելեց Պքերքէ եւ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալին հետ: Ժաաժա յայտարարեց, թէ Լիբանան կը գտնուի նախագահութեան դիրքը ջնջելու պայքարին մէջ, իսկ գարտինալ Ռայի չէ յաջողած համոզել Միշէլ Աունը ներկայ գտնուելու նախագահական ընտրութիւններու խորհրդարանի նիստին:
-Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը գումարեց նիստ մը եւ քննարկեց աշխատավարձերու յաւելումներու թղթածրարին հանդէպ ցուցաբերուող անտարբերութիւնը: Խորհուրդը ցաւ յայտնեց տիրող կացութեան եւ որոշեց չսրբագրել պետական քննութիւններու թուղթերը, ինչպէս նաեւ պահանջեց վարչապետարանը, նախարարութիւնները, քաղաքապետութիւնները, պետական հաստատութիւնները փակ պահել 1 եւ 2 Յուլիսին, իսկ Հինգշաբթի, 3 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, նստացոյց կազմակերպել բոլոր պետական հաստատութիւններուն առջեւ:
-Լիբանանեան բանակը երէկ կէսօրին անակնկալօրն փակեց դէպի հարաւ տանող մայրուղին: Ապահովական մարմիններ յայտնեցին,թէ Զահրանիի մէջ յայտնուած է կասկածելի օթոպիւս մը: Ստուգումներէն ետք, պարզուեցաւ, որ օթոպիւսը զերծ էր որեւէ տեսակի վտանգաւոր նիւթերէ: Աւելի ուշ, բանակը վերաբացաւ Զահրանիի ճանապարհը: