ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Մանուասի «Արենա Տա Ամազոնիա» մարզադաշտին մէջ Հոնտուրաս իր ուժերը չափեց Զուիցերիոյ հաւաքականին դէմ: Զուիցերիացիները դաշտ ներկայացան երեք կէտ խլելու վճռակամութեամբ: Օթմար Հիզֆիլտի կազմը անպայման պարտութեան պէտք է մատներ Հոնտուրասը, յուսալով որ Ֆրանսա պարտութեան մատնէ Էքուատորը: Կէտերով որբ Հոնտուրասը պարզապէս հեղինակութեան համար ներկայացած էր դաշտ: Հանդիպումը՝ երկրորդն էր երկու խումբերուն պատմութեան մէջ: Նախորդ եւ միակ հանդիպումը անոնց միջեւ տեղի ունեցած է 2010-ին եւ աւարտած 0-0 հաւասարութեամբ:
Վերադառնալով մրցումին, Ա. կիսախաղի 6-րդ վայրկեանին Խերտան Շաքիրի յառաջ մղեց Զուիցերիան, նշանակելով հանդիպումին առաջին կոլը: 44-րդ վայրկեանին Շաքիրի կրկնապատկեց հաշիւը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ Զուիցերիոյ յաղթանակով՝ 2-0:
Հոնտուրաս դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Վալատարէս, Պեքելէս, Պերնարտէզ, Ֆիկերօա, Ճէյ Կարսիա, Պ. Կարսիա, Գլարոս, Փալասիոս, Էսփինոզա, Գոսթլի, Պենկսթոն:Հոնտուրաս մրցումը սկսաւ 4-4-2 խաղաոճով:
Զուիցերիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պենալիօ, Լիխսթայնր, Ճուրու, Շար, Ռոտրիկէզ, Պեհրամի, Զեմայլի, Ֆերնանտէզ, Կավրանովիչ, Պուրքի: Զուիցերիա մրցումը սկսաւ 4-2-3-1 խաղաոճով: