ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ- ՓՂՈՍԿՐԵԱՅ ԱՓՈՒՆՔ՝ 2-1
Ֆորթալեզայի « Էսթատիօ Կովերնատոր Գասթելօ» մարզադաշտին մէջ Յունաստանի հաւաքականը մրցեցաւ Փղոսկրեայ Ափունքին դէմ: Հանդիպումը ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջինն էր երկու հաւաքականներուն միջեւ: Սոյն հանդիպումէն առաջ, մարզիչ Սապրի Լամուշէի տղաքը գիտէին,թէ յաղթանակ մը Յունաստանի դէմ, զիրենք պիտի հասցնէ 1/16-րդ հանգրուան: Յունաստանի կազմէն դաշտ ներկայացող Կիորկոս Քարակունիս, մրցանիշային՝138-րդ անգամ կը կրէր իր երկրին շապիկը: Հանդիպման 42-րդ վայրկեանին, մրցումին ընթացքին դէմ յոյները Սամարիսի միջոցով նշանակեցին կոլ մը: Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ Յունաստանի առաւելութեամբ՝ 1-0: Բ. կիսախաղին Փղոսկրեայ Ափունք փորձեց հաւասարեցնել հաշիւը: Յոյները ձգտեցան նշանակելու երկրորդ կոլ մը:74-րդ վայրկեանին Ուիլֆրիտ պոնի հաւասարեցուց հաշիւը: Սակայն մրցումի հաշուած վայրկեաններուն իրաւարարը փենալթի մը շնորհեց Յունաստանին: Սամարաս կոլի վերածեց փենալթին եւ Յունաստանը հասցուց1/16-րդ հանգրուանին:
Յունաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Քարնեսիս (Կլիքոս) ,Հոլեպաս,Փափաստատոփուլոս, Մանիաթիս, Մանոլաս,Թորոսիտիս, Գոնէ,Քարակունիս(Ճեքա),Սալիպինկիտիս, Սամարաս,Քրիստոտուլոփուլոս:
Փղոսկրեայ Ափունք՝ Պուպաքար, Պարի,Արթուր, Պոքա, Ք. Թուրէ, Օրիյէ, Պամպա, Թիոթէ(Պոնի), Ե.Թուրէ, Քալու, Տյէ, Ժերվինիօ(Սիօ), Տրոկպա(Տիոմանտէ):