Վարչապետ Թամամ Սալամ յայտարարեց, թէ Լիբանան կ’ապրի ապահովական կայունութեան ժամանակաշրջան մը: Վարչապետը ընդգծեց, թէ ապահովութիւնը առնչուած է կառավարութեան եւ անվտանգութեան կառոյցներուն հետ, իսկ նախագահական գործընթացը քաղաքական եւ սահմանադրական հարց մըն է:
Վարչապետ Թամամ Սալամ արգելք մը չտեսաւ նախարարաց խորհուրդի որոշումները, խորհրդարանական խմբաւորումները ներկայացնող նախարարներու կողմէ ստորագրելու առաջարկին դէմ: Ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք որեւէ անպատեհութիւն չտեսաւ կառավարութեան որոշումներուն տակ ստորագրելու՝ Մուսթաքպալ Հոսանքի անունով: Նախարարը ըսաւ,թէ հիմնական նպատակը կառավարութեան աշխատանքներուն հեզասահ ընթացքն է: Մաշնուք աւելցուց նաեւ,թէ որեւէ տարբերութիւն չի տեսներ իր եւ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի միջեւ կառավարութեան որոշումները ստորագրելու հարցին շուրջ:
Վերջին օրերու ապահովական սրընթաց զարգացումներուն լոյսին տակ, դիւանագիտական կարգ մը շրջանակներու մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ ներկայ հանգրուանին Ուաշինկթըն նախապատուութիւնը տուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին: Փաստօրէն նախագահական ընտրութիւնները փոխադրուած են երկրորդ կարգի վրայ: Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում խորհրդարանական խմբաւորումի պետ Միշէլ Աուն իր այցելուներուն յայտնեց, թէ տակաւին կը մնայ խորհրդարանական վաղաժամ ընտրութիւններ կայացնելու իր պահանջին վրայ: Աուն աւելցուց, թէ արգելք մը չունի 1960-ի ընտրական օրինագիծին հիման վրայ ընտրութիւններու կայացումին, սակայն այն պայմանով որ՝ կանխաւ գոյանայ, խորհրդարանական մեծագոյն քրիստոնէական խմբաւորումի պետը երկրի նախագահ ընտրելու համաձայնութիւն մը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս շեշտեց նախապատուութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն տալու անհրաժեշտութիւնը: «Ան Նահար» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւներէն քաղելով, կը գրէ թէ Հըզպալլա միայն Միշէլ Աունը նախագահ ընտրելու պարագային պատրաստ է մեծամասնութիւն երաշխաւորելու խորհրդարանին մէջ: Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը հերքեց այն տեղեկութիւնները, իբրեւ թէ գարտինալ Պշարա Ռայի կը ծրագրէ Միշէլ Աունի առջեւ փակել նախագահութեան հասնելու դուռերը: