ԷՔՈՒԱՏՈՐ – ՖՐԱՆՍԱ 0- 0
Ռիօ Տը Ժանէյրոյի «Էսթատիօ Տօ Մարաքանա» մարզադաշտին մէջ, երկու նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին ութ կոլ նշանականծ, տպաւորիչ խաղամակարդակով բարեկամներ շահող Ֆրանսայի հաւաքականը, Ե. Խմբակի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն իր դէմ գտաւ Էքուատորը: Ֆրանսա արդէն իսկ ապահոված ըլլալով 1/16-րդ հանգրուանի ուղեգիրը, Էքուատորի եւ Զուիցերիոյ միջեւ սուր պայքար մը ծաւալած էր, Ֆրանսային ընկերակցողը որոշելու համար: Ֆրանսայի հաւաքականէն կը բացակայէր միջնապահ Եոհան Գապայը՝ երկու յաջորդական զգուշացում ստանալու պատճառով: Ֆութպոլի պատմութեան մէջ երկու հաւաքականները ցարդ հանդիպած են մէկ անգամ՝2008-ին, որ վերջ գտած է Ֆրանսայի յաղթանակով՝ 2-0: Էքուատոր յաղթանակ կամ հաւասարութիւն պէտք է արձանագրեր Ֆրանսայի դէմ, յուսալով որ Հոնտուրաս պարտութեան մատնէր Զուիցերիան:
Մրցումին առաջին կիսախաղը յուսախաբութեան մատնեց մարզասէրները եւ վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Ֆրանսացիները կարծէք բարեկամական մրցում մը կատարէին: Էքուատորին միայն մէկ առիթ ներկայացաւ: 48-րդ վայրկեանին, խմբապետ Անթոնիօ Վալենսիա կոշտ հարուած մը տուաւ Տինէին: Իրաւարարը անմիջապէս կարմիր տոմս մը ցոյց տուաւ Վալենսիային: Էքուատոր մրցումը շարունակեց տասը մարզիկներով: Մրցումը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Շնորհիւ այս արդիւնքին Ֆրանսա եւ Զուիցերիա անցան 1/16-րդ հանգրուան:
Ֆրանսա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Լորիս, Սանյա, Քոսէյլինի, Սախօ(Վարան), Տինէ, Կրէյզման(Ռեմի), Փոկպա, Շնէյտերլին, Մաթիուտի(Ժիրու), Սիսոքօ, Պենզեմա: Ֆրանսացիները մրցոմը սկսան 4-5-1 խաղաոճով:
Էքուատոր դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Տոմինկուէզ, Փարետէս, Կուակուա, Էրազօ, Այովի, Ա. Վալենսիա, Մինտա, Նոպուա(Գալսետօ), Մոնթերօ(Իպարա), Արոյօ( Աչիլիյէր), Է. Վալենսիա: Էքուատոր մրցումը սկսաւ կիրարկելով 4-4-2 խաղաոճ մը: