Միջազգային ընտանիքը եւ Լիբանան կը գիտակցին ահաչեկչական փոթորիկին վտանգը միջինարեւելեան պետութիւններուն վրայ: Այս ծիրին մէջ, Ռուսիա կը սերտէ Սուրիոյ եւ Իրաքի ահաբեկիչներէն նաւթի գնումը արգիլող օրինագիծ մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին:Ահաբեկիչները, ապօրէն վաճառուած նաւթի հասոյթներէն եկամուտ կ’ապահովեն, շարունակելու իրենց գործողութիւնները եւ ծրագիրները: Լիբանանի անվտանգութեան մարմիններ շարք մը միջոցառումներու դիմած են երկրին ծովային եւ ցամաքային սահմաններուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ՝ ահաբեկիչներու մուտքը կանխարգիլելու մտահոգութեամբ: Մարմինները կը հաստատեն, թէ Քալամունի մէջ բացայայտուած ընդյատակեայ կազմակերպութիւնը կը ծրագրէր հաշուեյարդարի ենթարկել հիւսիսային Լիբանանի գաղտնի սպասարկութեան պետը: Կառավարութեան մօտ զինուորական ատեանի դատախազ Սաքր Սաքր հարցաքննութեան ենթարկեց Քալամունի մէջ ձերբակալուած 15 կասկածելիներ: Անվտանգութեան մարմիններ կը շարունակեն հարցաքննել «Նափոլիոն» պանդոկին մէջ ձերբակալուած,ծագումով արաբ, ֆրանսական քաղաքացիութիւն ստացած ահաբեկիչը: Ռաուշէի շրջանին մէջ գտնուող պանդոկներուն սեփականատէրերը յայտնեցին, թէ հակառակ տեղի ունեցող խուզարկութիւններուն, զբօսաշրջութեան երթեւեկութիւնը կը մնայ սովորական: Սէուտական Արաբիա պաշտօնապէս հաստատեց, թէ Ռաուշէի պայթումին յանցագործը եւ անոր ընկերակցողը սէուտցիներ են: Անոնցմէ մէկը՝ 10 Մարտին փախուստ տուած է երկրէն, միւսին անուան տակ չկայ քրէական որեւէ արձանագրութիւն: Անվտանգութեան մարմիններ տակաւին փակ կը պահեն «Տը Ռոյ» պանդոկին գլխաւոր ճանապարհը եւ կը շարունակեն իրենց հետաքննութիւնները: Անոնք խուզարկեցին Ռաուշէի մէջ գտնուող Սաֆիր եւ Ռամատի պանդոկները եւ ձերբակալեցին երեք անձեր:
Ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք, Սէուտական Արաբիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ալ Ուաթան» օրաթերթին հարցումներուն պատասխանալով, յայտնեց թէ «Տը Ռոյ» պանդոկին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով մահացած են երկու սէուտցիներ: Նշենք, թէ անձնասպանական գործողութեան դիմող երկու ահաբեկիչները Թուրքիոյ ճանապարհով մուտք գործած են Լիբանան: Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Օսէյրի ըսաւ, թէ իր երկիրը ոչինչ պիտի խնայէ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ: Մուսթաքպալ Հոսանքի պետ Ֆուատ Սինիորա գնահատեց անվտանգութեան կառոյցներու նուիրական աշխատանքը եւ ընդգծեց, թէ ապօրէն զէնք կրողները վտանգի կ’ենթարկեն լիբանանցիներուն ապահովութիւնը: