Հայաստանի հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովները դիմում մը ներկայացուցին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն, անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու ՝ բանակցային գործընթացներուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան լիարժէք մասնակցութեան: Դիմումը վերահաստատելով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու յանձնառութիւնը, Մինսքի համանախագահներէն կը պահանջէ ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլեր՝ բանակցային բոլոր հանգրուաններուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան լիարժէք մասնակցութեան: