– Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահի ընտրութեան նիստի հրաւիրեց խորհրդարանը, Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014-ին: Պըրրի ընդունեց նախկին նախարար Մուհամմէտ Սաֆատին, երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթուշը եւ այլ անձնաւորութիւններ:
– Մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը խորհրդարանէն պահանջեց շուտափոյթ նախագահ մը ընտրել երկրին: Ռայի ըսաւ, թէ նախագահին ներկայութիւնը պիտի ամրապնդէ լիբանանցիներու միջեւ համակեցութիւնը եւ միասնականութիւնը:
– Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի պետ Սամիր Ժաաժա, Մաարապի մէջ ընդունեց Սաատ Հարիրիի պատուիրակ Ղաթաս Խուրին եւ քննարկեց նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը:
– Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ աւարտեց Քուէյթ կատարած այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Լիբանան: Ճոմպլաթ, որուն կ’ընկերակցէին առողջապահութեան նախարար Ուայէլ Ապու Ֆաուրը, երեսփոխան Հանրի Հելուն, հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմէտ Ճապէր Սապահ իշխանին, վարչապետ շէյխ Ճապէր Մուպարաք Սապահին եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ: Ճոմպլաթ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին կատարած Քուէյթի մարդասիրական օժանդակութիւնները:
– Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրիի հետ եւ քննարկեց լիբանանեան, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: