Լիբանանեան կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 11-ին վարչապետարանին մէջ, վարչապետ Թամամ Սալամի գլխաւորութեամբ գումարեց ընթացիկ նիստ մը, որ չորրորդն է երկրի նախագահի բացակայութեան: Կառավարութիւնը քննարկեց 26 յօդուածներէ բաղկացած օրակարգ մը: Սալամ շեշտեց , թէ կառչած պիտի մնայ սահմանադրական իր լիազօրութիւններուն վրայ: Ան նաեւ նշեց, թէ արգելք մը չի տեսներ, եթէ ոեւէ նախարար փափաքի ստորագրել կառավարութեան որոշումներուն տակ: Ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք դիտել տուաւ, որ կառավարութեան աշխատանքային օրէնսդրութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները տարբեր հասկացողութիւններ են, հետեւաբար զանոնք ճիշդ պիտի չըլլայ շփոթել իրարու հետ: Մաշնուք յայտնեց, թէ համայն Լիբանանը թիրախ դարձած է ահաբեկիչներուն քմայքին: Ան ընդգծեց ,թէ կառավարութեան անդամներուն միջեւ մթնոլորտը դրական եւ համախոհական: Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս ըսաւ, թէ կառավարութեան աշխատանքները ստացան սովորական ընթացք, որովհետեւ համաձայնութիւն գոյացած է, հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք քննարկելու տարակարծութիւն յառաջացնող օրակարգերը: Նախարարը ըսաւ, թէ Լիբանան չի վախնար Տաաշէն: Նախքան նիստը, Սալամ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպի հետ:
Նիստը աւարտելէ ետք, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը քննարկած էր երկրին ապահովական վիճակը, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու պարագային անցագիրով մուտքը վերականգնելու հարցը, սակայն որոշած է անփոփոխ պահել գործող դրութիւնը: