ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Նիկոլա Պորտիւժան 25 Յունիսին այցելած է Հայաստան, ուր հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի զարգացման ոլորտի ընթացիկ եւ հեռանկարային խնդիրներ, ինչպէս նաեւ 1-2 Յուլիսին Երեւանի մէջ կայանալիք «ՄԱԿի սկզբունքներու եւ չափանիշերու հիման վրայ ազգային եւ տարածաշրջանային խաղաղարարական ներուժներու համարկման խաղաղ գործողութիւնները համընդհանուր համակարգի մէջ» խորագիրով միջազգային ռազմավարական քաղաքական համաժողովի նախապատրաստման ընթացքը: