– Երեսփոխան Ժան Օղասապեան յայտարարեց, թէ անվտանգութեան կառոյցներուն միջեւ կը տիրէ ամբողջական փոխհասկացողութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտ: Երեսփոխանը ցաւ յայտնեց, որ քաղաքական կեցուածքները եւ աշխատանքները չեն համապատասխաներ կացութեան պահանջներուն, այն պահուն երբ Լիբանան դարձած է Տաաշի եւ այլ ահաբեկչկան կազմակերպութիւններու բեմը: Օղասապեան պահանջեց վերականգնել սահմանադրական կառոյցներուն աշխատանքը, սկսելով նոր նախագահի մը ընտրութենէն եւ վերաշխուժացնելով օրէնսդիր կառոյցին գործունէութիւնը:
– Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասփիքին դիտել տուաւ, թէ ահաբեկչութեան վտանգը ներկայ է ամենուրէք:Այսուհանդերձ, Լիբանանի մէջ տակաւին չէ հասած իր գագաթնակէտին: Դեսպանը հանդուրժողութեան եւ չափաւորականութեան կոչ ուղղեց Լիբանանի բոլոր համայնքներուն եւ թելադրեց անմիջապէս նոր նախագահ մը ընտրել երկրին: Զասփիքին սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Մուսթաքպալ Հոսանքի պետ Ֆուատ Սինիորայի հետ հանդիպումին լոյսին տակ: Իր կարգին, Սինիորա պահանջեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել Իրաքի մէջ:
-Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մօտ,ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամ պետութիւններու դեսպանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը եւ քննարկեց շրջանային զարգացումները:
-Լիբանանեան բանակը երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ ձերբակալեց տասնեակէ աւելի ապօրէն զէնք կրողներ եւ հարցաքննութեան ենթարկեց բոլորը::
– Երկրին մէջ տիրող անապահովական անորոշութեան լոյսին տակ, Հըզպալլա մտադրած է հրաժարիլ Ռամատանի առիթով «Իֆթար»ներ կազմակերպելու աւանդութենէն:
-Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում խորհրդարանական խմբաւորումի անդամ Միշէլ Հելու մահացաւ: Երեսփոխանը շրջանէ մը ի վեր կը պայքարէր անողոք հիւանդութեան մը դէմ: