Պրիւքսէլի մէջ, Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան համաձայնագիրը: Փորոշենքօ ըսաւ, թէ ստորագրութեան քայլը, Խորհրդային Միութենէն անկախութիւն յայտարարելէ ետք, ամենակարեւոր իրադարձութիւնն է Ուքրանիոյ պատմութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը նոյնանման համաձայնագիրներ կնքեց Մոլտովայի եւ Վրաստանի հետ: Յետ այսու սոյն երեք երկիրներու արտադրութիւնները , առանց որեւէ տուրքի ազատօրէն պիտի վաճառքի ներկայացուին Եւրոպական Միութեան սահմաններէն ներս եւ հակառակը՝ եւրոպական ապրանքները պիտի վաճառուին վերոյիշեալ երեք երկրիներուն մէջ:Փաստօրէն երեք պետութիւնները մաս պիտի կազմեն եւրոպական ազատ առեւտուրի գօտիին:
Փորոշենքօ յայտարարեց, թէ նոր հեռանկար մը բացուած էր իր երկրին առջեւ: Այս առիթով, Ուքրանիոյ նախագահը դարձեալ շեշտեց, թէ կը մերժէ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու առաջարկը: