ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱ – ՊԵԼՃԻՔԱ` 0-1 ( Ը.ԽՄԲԱԿ)
Սաօ Փաուլոյի «Արենա Սաօ Փաուլօ» մարզադաշտին մէջ Հարաւային Քորէա դաշտ ներկայացաւ մեծ արդիւնքով պարտութեան մատնելու Պելճիքան, միաժամանակ յուսալով որ Ռուսիա հաւասարութիւն կամ յաղթանակ կ’արձանագրէ Ալճերիոյ դէմ: Ֆութպոլի պատմութեան մէջ Հարաւային Քորէա եւ Պելճիքա երեք առիթներով մրցած են իրարու դէմ:Բոլորն ալ Մոնտիալներու ընթացքին: Հարաւային Քորէա երբեք պարտութեան չէ մատնած եւրոպացի մրցակիցին (Երկու պարտութիւն, մէկ հաւասարութիւն): 1/16-րդ հանգրուանի ուղեգիր ապահոված Պելճիքայի հաւաքականը դաշտ ներկայացաւ յաղթանակ ապահովելու եւ խմբակը գլխաւորելու վճռակամութեամբ, որպէսզի 1/16-րդ հանգրուանին խուսափի Գերմանիոյ դէմ ճակատումէն:
Մրցումին առաջին կիսախաղի միակ ուշագրաւ դէպքը եղաւ կարմիր տոմսով Պելճիքայի պաշտպան Տեֆուրի դաշտէն հեռացումը: 77-րդ վայրկեանին Վերթոնկէն նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
Պելճիքա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Քուրթուա, Վերթոնկէն, Ֆելայինի, Միրալաս, Մերթենզ, Վան Պույթէն, Տեֆուր, Լոմպաէրց, Տեմպելէ, Եանուզայ, Պոր:
Հարաւային Քորէա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝Ս. Քիմ,Ս. Եուն, Ե. Քիմ,Հ. Սոն, Ե. Լի, Ճէյ. Քու, Ք. Հան, Ս. Քի, Ս. Լի, Ս.Քիմ, Ճէյ Հոնկ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Պելճիքա՝ 3 մրց. 9 կէտ
2- Ալճերիա՝ 3 մրց. 4 կէտ
3- Ռուսիա՝ 3 մրց. 2 կէտ
4- Հարաւային Քորէա՝ 3 մրց. 1 Կէտ