Լիբանան կը գտնուի ահաբեկչական նոր գործողութիւններու սպառնալիքին տակ: Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, թէ Իրաքի զարգացումները իրենց հետեւանքը պիտի ունենան Լիբանանի մէջ: Ուաշինկթըն, Սէուտական Արաբիա, Յորդանան՝ Իրաքի տագնապին լուծման նախապայման կը նկատեն վարչապետ Նուրի Մելիքիի հեռացումը: Իրան եւ Ռուսիա կը զօրակցին Իրաքի վարչապետին: Կասկածներ կան, թէ ահաբեկիչները կրնան նոր գործողութիւններ կատարել լիբանանեան հողերու վրայ:
Այս մտահոգութեան տակ, շիի համայնքը ամբողջութեամբ ջնջած է Ռամատանի առիթով «Իֆթար»ի բոլոր արարողութիւնները: Շիիներու մօտ այն մտավախութիւնը կը տիրէ ներկայիս՝ ահաբեկիչները միտումնաւոր կրնան սիւննիական գօտիներ հարուածել, միջհամայնքային խռովութիւններ հրահրելու նպատակով:
Ապահովական փոթորիկը դիմակալելու մտահոգութեամբ, վարչապետ Թամամ Սալամ շեշտեց համայնքներու միջեւ համախոհութիւնը եւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահական բեմի վրայ, Վատիկանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի ժամանէ Պէյրութ եւ տեղւոյն վրայ քննարկէ նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարը: Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը կրնայ մեկնիլ Ուաշինկթըն՝ ամերիիկացի պաշտօնակատարներու հետ քննարկելու նախագահական ընտրութիւնը կայացնելու միջոցները: Նախկին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպէլ լուսարձակներէ հեռու հանդիպում մը ունեցաւ Միշէլ Աունին հետ եւ քննարկեց նախագահական գործընթացը: Երեսփոխան Մուհամմէտ Քապանի յայտարարեց, թէ Միշէլ Աունի հետ բանակցութիւնները պիտի չտան դրական արդիւնք: Միւս կողմէ, Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի պետ Սամիր Ժաաժա մերժեց խորհրդարանին ժամանակամիջոցը երկարաձգելու առաջարկը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Մուսթաքպալ Հոսանքը նոյնպէս պիտի մերժէ երկարաձգելու առաջարկը: