Ապահովական խախտումները կը ստիպեն, որպէսզի Լիբանան պաշտօնական դիմում ներկայացնէ Ինթէրփոլին՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարին օժանակութիւն ստանալու նպատակով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց խորհրդարանական ընտրութիւնները նշուած ժամանակամիջոցին կայացնելու անհրաժեշտութիւնըեւ: Պըրրի մերժեց խորհրդարանին ժամկէտը երկարաձգելու առաջարկները: Ան ըսաւ, թէ նոր օրինագիծ մը պատրաստ չըլլալու պարագային, 1960-ի օրինագիծին հիման վրայ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանի ընտրութիւնները: Պըրրի շեշտեց, թէ բանակը եւ անվտանգութեան կառոյցները կը մնան փրկութեան միակ լաստը:
Վարչապետարանը հաստատեց, թէ Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի ժամանէ Պէյրութ, նախագահական գործընթացը քննարկելու եւ կողմերուն միջեւ հասկացողութիւն մը գոյացնելու առաքելութեամբ: Մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանի անդամները կը շարունակեն յուսախաբութիւն պատճառել՝ կարծէք սովորական երեւոյթ մը ըլլար նախագահի ընտրութեան նիստերէն բացակայիլը: Ռայի ըսաւ, թէ Մարտ 8-ի եւ14-ի ուժերուն միջեւ բեւեռացումը երկիրը բեւեռացուց եւ թափուրի վերածեց նախագահութեան դիրքը: Ռայի ըսաւ, թէ նախագահական գործընթացը հասած է փակուղիի առջեւ: Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում խորհրդարանական խմբաւորումի պետ Միշէլ Աուն առաջարկեց փոփոխութեան ենթարկել սահմանադրութիւնը եւ ժողովուրդէն ընտրել երկրի նախագահը:
Վարչապետ Թամամ Սալամ իր այցելուներուն հաւաստիացուց, թէ երկրին անվտանգութիւնը կը գտնուի ապահովական կառոյցներու վերահսկողութեան տակ: Սալամ ընդգծեց, թէ իր կառավարութեան առջեւ ցցուող գլխաւոր մարտահրաւէրը, սահմանադրութիւնը յարգելով նախագահական ընտրութիւններու կայացումն է: Սալամ, վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուքը:
Վերջին ժամերուն, անվտանգութեան մարմիններ բացայայտեցին ահաբեկչական երեք տարբեր ցանցեր: Ապահովական ծիրին մէջ մնալով, հետաքննութիւնները կը բացայայտեն, թէ Տը Ռոյ պանդոկին մէջ չէզոքացուած ահաբեկիչները ծրագրած էին հաշուեյարդարի ենթարկել ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ Ապպաս Իպրահիմը: Ահաբեկիչներէն մէկը խոստովանեցաւ, թէ հազարապետ Իպրահիմ էր իրենց թիրախը, սակայն վերջին վայրկեանին փոփոխութիւն մը կատարուած է ծրագիրին մէջ: Արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններուն համաձայն, 15 անձեր, անձնասպանական գործողութիւն իրականացնելու առաքելութեամբ թափանցած են Լիբանանի: