Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ ըսաւ, թէ թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ նախագահութեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն.« Ես պիտի չառադրեմ թեկնածութիւնս: Այս մասին նախապէս ալ արտայայտուած եմ: Խօսած եմ նաեւ վարչապետ Էրտողանին հետ: Իմ պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ’աւարտի 28 Օգոստոսին». ըսաւԿիւլ:
Նշենք, թէ այս տարի առաջին անգամ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը պիտի ընտրէ երկրի նախագահը: Նախապէս՝, խորհրդարանը: Քաղաքական շրջանակներու կարծիքով, վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան յառաջիկայ քանի մը ժամերուն ընթացքին, իր թեկնածութիւնը պիտի յայտարարէ նախագահական ընտրութիւններուն:
Թուրքիոյ նախագահի ընտրութիւնները պիտի կայանան 10 Օգոստոսին: Առաջին հանգրուանին յաղթողը չորոշուելու պարագային, երկրորդ հանգրուանը պիտի կայանայ 24 Օգոստոսին: