Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, թէ իր կարծիքով, պատերազմի նախանշաններ չկան այսօր, սակայն Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ առկայ է լարուածութիւն.« Իրավիճակը այսօր սահմաններուն շուրջ այնպիսին է, որ որոշ վայրերու մէջ հայկական եւ ատրպէյճանական բնակավայրերը շատ մօտ են մարտական դիրքերուն, որուն համար ալ ատրպէյճանական ուժերը կը գնդակահարեն այդ գօտիները: Մենք արժանի հակահարուած կու տանք: Ցաւօք սրտի մենք զերծ չենք մնար մարդկային կորուստներէն: Մեզի կը մնայ խիստ պատասխան տալ, որպէսզի մեր քայլը ունենայ ազդեցութիւն». յայտնեց նախարարը: Օհանեան դիտել տուաւ, թէ Ատրպէյճան կը փորձէ լարուածութեան մէջ պահել իրավիճակը, որպէսզի հակամարութիւնը ստանայ իր պարտադրած լուծումը:«Անոնք չեն հասկնար, որ լարուածութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւն չկայ, այլ՝ վստահութեան մթնոլորտի մէջ հակամարտութեան կարգաւորումին հասնելու փորձ»: Օհանեան ըսաւ, թէ բանակը անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է կրկին կռուելու եւ զոհուելու հայրենիքի խաղաղութեան համար: