ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 19.00-ին, «Էսթատիօ Նասիոնալ Մանէ Կարինչա» մարզադաշտին մէջ, Ֆրանսայի եւ Նիճերիոյ միջեւ տեղի ունեցաւ Մոնտիալ 2014-ի 1/16-րդ հանգրուանի հերթական հանդիպումը:
Միջնապահ Եոհան Գապայ պատիժի հետեւանքով նախորդ հանդիպումէն բացակայելէ ետք կը վերադառնար Ֆրանսայի միջնապահ գիծին վրայ իր պարտականութեան: Նիճերիոյ հաւաքականը 1998-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր Մոնտիալի սոյն հանգրուանին: Նախապէս, պատմութեան մէջ երկու հաւաքականները միայն մէջ առիթով հանդիպած էին իրարու դէմ: Սէն Թեթիէնի մէջ կայացած բարեկամական այդ հանդիպումը վերջ գտած էր՝ 1-0 Նիճերիոյ յաղթանակով: Ֆրանսայի հաւաքականը դաշտ կը ներկայանար իբրեւ խմբակային հանգրուանի մրցումներուն ամենաշատ՝ 62 կոլային պահեր ստեղծող հաւաքականը: Քարիմ Պենզեմա՝ հաւաքականին հետ կատարած վերջին ինը մրցումներուն նշանակած էր նոյնքան կոլ: Միւս կողմէ, Նիճերիոյ յաղթանակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ափրիկեան հաւաքականը պիտի հասցնէր քառորդ աւարտական հանգրուան: 1990-ին՝ Գամերունէն, 2002-ին՝ Սենեկալէն եւ 2010-ին՝ Ղանայէն ետք, Նիճերիա կը փորձէր դառնալ քառորդ աւարտական հասնող ափրիկեան չորրորդ հաւաքականը:
Մրցումը սկսաւ Ֆրանսայի յարձակումներով, այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, որ Ֆրանսացիները կոլերու փառատօն մը մտադրած էին հիւրասիրել իրենց համակիրներուն: Սակայն ալճերիացիները աստիճանաբար հակազդեցին եւ մինչեւ կիսախաղ մրցումը հաւասարակշռուեցաւ: 21-րդ վայրկեանին, Էնիյեմա որսաց Փոկպայի գեղեցիկ հարուածը: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ՝ 0-0 հաւասարութեամբ: Ֆրանսայի յարձակումներուն մէջ ներդաշնակութեան բացակայութիւն մը նշմարելի էր Ժիրուի, Պենզեմայի եւ Վալպուենայի գործողութիւններուն մէջ: Նիճերիոյ կազմին մէջ Մուսա եւ Օտեմուինկէ մնայուն սպառնալիք կը ներկայացնէին Ֆրանսայի բերդին:
Երկրորդ կիսախաղին, երբ Անթուան Կրիզման փոխարինեց Օլիվիյէ Ժիրույին, Ֆրանսայի յարձակումներուն մէջ նշմարուեցաւ աւելի սրութիւն: 75-րդ, 76-րդ վայրկեաններուն Նիճերիոյ բերդը հրաշքով փրկուեցաւ կոլէն, սակայն 78-րդ վայրկեանին Փօլ Փոկպա գլխու հարուածով նշանակեց մրցումին եւ Ֆրանսայի առաջին կոլը: Այս կոլէն ետք, նիճերիացիներուն խաղը փուլ եկաւ: 92-րդ վայրկեանին, Եոպօ՝ սեփական բերդէն ներս նշանակեց Ֆրանսայի երկրորդ կոլը: Օրուան վերջաւորութեան Ֆրանսա արձանագրեց արժանի յաղթանակ մը:
Ֆրանսա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Լորիս, Տեպուչի, Վարան, Քոսէյլնի, Էվրա, Փոկպա, Գապայ, Մաթիուտի, Վալպուենա(Սիսոքօ), Ժիրու(Կրէյզման), Պենզեմա:
Նիճերիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Էնիյեմա, Ամպրուազ, Եոպօ, Օշանիուա, Օմերուօ, Մուսա, Օնազի(Կապրիէլ), Միքէլ, Մոզէս(Ընուոֆոր), Օտեմուինկէ, Էմենիքէ: