ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 19.00-ին, «Էսթատիօ Նասիոնալ Մանէ Կարինչա» մարզադաշտին մէջ, Ֆրանսայի եւ Նիճերիոյ միջեւ տեղի ունեցաւ Մոնտիալ 2014-ի 1/16-րդ հանգրուանի հերթական հանդիպումը:
Միջնապահ Եոհան Գապայ պատիժի հետեւանքով նախորդ հանդիպումէն բացակայելէ ետք կը վերադառնար Ֆրանսայի միջնապահ գիծին վրայ իր պարտականութեան: Նիճերիոյ հաւաքականը 1998-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր Մոնտիալի սոյն հանգրուանին: Նախապէս, պատմութեան մէջ երկու հաւաքականները միայն մէջ առիթով հանդիպած էին իրարու դէմ: Սէն Թեթիէնի մէջ կայացած բարեկամական այդ հանդիպումը վերջ գտած էր՝ 1-0 Նիճերիոյ յաղթանակով: Ֆրանսայի հաւաքականը դաշտ կը ներկայանար իբրեւ խմբակային հանգրուանի մրցումներուն ամենաշատ՝ 62 կոլային պահեր ստեղծող հաւաքականը: Քարիմ Պենզեմա՝ հաւաքականին հետ կատարած վերջին ինը մրցումներուն նշանակած էր նոյնքան կոլ: Միւս կողմէ, Նիճերիոյ յաղթանակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ափրիկեան հաւաքականը պիտի հասցնէր քառորդ աւարտական հանգրուան: 1990-ին՝ Գամերունէն, 2002-ին՝ Սենեկալէն եւ 2010-ին՝ Ղանայէն ետք, Նիճերիա կը փորձէր դառնալ քառորդ աւարտական հասնող ափրիկեան չորրորդ հաւաքականը:
Մրցումը սկսաւ Ֆրանսայի յարձակումներով, այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, որ Ֆրանսացիները կոլերու փառատօն մը մտադրած են հիւրասիրել իրենց համակիրներուն: Սակայն ալճերիացիները աստիճանաբար հակազդեցին եւ մինչեւ կիսախաղ մրցումը հաւասարակշռուեցաւ: 21-րդ վայրկեանին, Էնիյեմա որսաց Փոկպայի գեղեցիկ հարուածը: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ՝ 0-0 հաւասարութեամբ: Ֆրանսայի յարձակումներուն մէջ ներդաշնակութեան բացակայութիւն մը նշմարելի էր Ժիրուի, Պենզեմայի եւ Վալպուենայի գործողութիւններուն մէջ: Նիճերիոյ կազմին մէջ Մուսա եւ Օտեմուինկէ մնայուն սպառնալիք կը ներկայացնէին Ֆրանսայի բերդին:
Ֆրանսա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Լորիս, Տեպուչի, Վարան, Քոսէյլնի, Էվրա, Փոկպա, Գապայ, Մաթիուտի, Վելպուենա, Ժիրու, Պենզեմա:
Նիճերիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Էնիյեմա, Ամպրուազ, Եոպօ, Օշանիուա, Օմերուօ, Մուսա, Օնազի, Միքէլ, Մոզէս, Օտեմուինկէ, Էմենիքէ: