ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Սան Փաուլոյի « Արենա Գորինթիանզ» մարզադաշտին մէջ, Զուիցերիա փորձեց կանխել Արժանթինի երթը: Օթմար Հիցֆիլտի կազմը մեծ յոյսեր կապած էր յարձակող Խերտան Շաքիրիի վրայ: Արժանթին դաշտ ներկայացաւ առանց Սերժիօ Ակուերոյին: Վերջինս, վնասուածք ստանալու պատճառով հաւանաբար բացակայի Մոնտիալի մնացեալ մրցումներէն:
Նախքան Երեքշաբթի օրուան հանդիպումը, Զուիցերիա եւ Արժանթին Ֆութպոլի պատմութեան մէջ վեց առիթներով հանդիպած են իրարու դէմ: Հարաւամերիկացիները չորս անգամ յաղթանակով հեռացած են դաշտէն, երկու անգամ՝ հաւասարութեամբ: Իսկ Մոնտիալի պատմութեան մէջ, անոնց միջեւ միակ հանդիպումը կայացած է 1966-ին եւ վերջ գտած Արժանթինի յաղթանակով՝ 2-0:
Տարօրինակօրէն առաջին խաղակէսին դանդաղ էին երկու հաւաքականներուն յարձակողական գործողութիւնները: Երկուստեք ստեղծեցին կոլային պահեր, սակայն առանձնապէս յիշատակելի դրուագներ տեղի չունեցան մինչեւ առաջին կիսախաղ: Հաւաքականները ընդմիջումի մեկնեցան 0-0 հաւասարութեամբ:
Զուիցերիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պենալիօ, Լիխշթայնըր, Շար, Ճուրու, Ռոտրիկէզ, Ինլէր, Խաքա,Պեհրամի, Մեհմետի, Տրմիչ, Շաքիրի: Զուիցերիացիները մրցումը սկսան կիրարկելով 4-3-3 խաղաոճ մը:
Արժանթին դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ռոմերօ, Զապալեթա, Կարայ, Ֆերնանտէզ, Ռոխօ, Կակօ, Մասչերանօ, Տի Մարիա, Մեսի, Լաւեզի, Հիկուային: Արժանթինցիները կը կիրարկէին 4-2-3-1 խաղաոճ մը: