Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծերուն վրայ, դիտարկում իրականացուց Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի հիւսիսային ուղղութեամբ: Դիտարկումը կայացաւ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին եւ չարձանագրուեցան խախտումներ: