Լիբանանեան կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ, վարչապետ Թամամ Սալամի գլխաւորութեամբ գումարեց նիստ մը եւ քննարկեց հրատապութիւն ներկայացնող հարցեր, որոնց մէջ երկրին ապահովական իրավիճակը եւ Լիբանան ապաստանած սուրիացիներու կացութիւնը: Կառավարութիւնը նաեւ քննարկեց Պէյրութի մէջ ապահովական ծրագիրի աստիճանական գործադրութեան միջոցները: Կառավարութիւնը ընդհանրապէս խուսափեցաւ քննարկելու վիճայարոյց հարցեր, յատկապէս անոր լիազօրութիւններուն եւ աշխատանքի եղանակին վերաբերող քննարկումներէն:
Ապահովական գետնի վրայ, Ֆրանսայի գաղտնի սպասարկութեան պետը լուսարձակներէ հեռու այցելութիւն մը տուած է Պէյրութ եւ լիբանանցի կարգ մը պաշտօնակատարներու հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք, վերադարձած Փարիզ: Գնահատելի է այս ճակատագրական օրերուն ընթացքին անվտանգութեան կառոյցներու միջեւ համագործակցութիւնը: Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մելիք Շաար հաւաստեց, թէ Տաաշի զինեալներ գոյութիւն չունին Թրիփոլիի մէջ: Միւս կողմէ, «Ահրար Սըննա- Պաալպէք» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը խոստացաւ հարուածել Լիբանանի մէջ գտնուող «Խաչակիրներ»ը: Երեսփոխան Էլի Մարոնի հակադարձելով «Ահրար Սըննա- Պաալպէք»ի սպառնալիքներուն, դիտել տուաւ, թէ եկեղեցիներու դէմ ահաբեկչութիւնը մաս չի կազմեր Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւններուն: Անվտանգութեան կառոյցներ կապ մը բացայայտած են Ռումիյէի բանտարկեալներուն եւ հետապնդումի տակ գտնուող կազմակերպութիւններուն միջեւ: Այլ զարգացումի մը մէջ, Ճեպհէթ Ալ Նուսրա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը սպառնաց շարունակել Հըզպալլայի դէմ իր պայքարը: Ան նաեւ մօտակայ օրերուն ազատութիւն խոստացաւ Ռումիյէի մէջ բանտարկուած իսլամ ծայրայեղականներուն:
Նախագահական ընտրութիւններու ծիրին մէջ, երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, թէ նախապատուութիւնը անհրաժեշտ է տալ նախագահական ընտրութիւններուն, բայց միաժամանակ պէտք է յարգել մնացեալ գործընթացներուն ժամկէտները, ինչպէս՝ խորհրդարանի ընտրութիւնները: Երեսփոխան Եասին Ճապէրի կարծիքով, անհրաժեշտ է նախագահ մը ընտրել երկրին, ապա կայացնել խորհրդարանական ընտրութիւնները: Երեսփոխան Մարուան Համատէ շեշտեց սահմանադրական կառոյցներու լիազօրութիւնները յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Երեսփոխան Ֆատի Հըպր դիտել տուաւ, թէ մօտալուտ չի տեսներ նախագահական ընտրութիւններու իրագործումը, որովհտեեւ երկիրը կը գտնուի կորուսեալ վիճակի մը մէջ: Վարչական բարեկարգութիւններու նախարար Նեպիլ Տը Ֆրէյժ յայտնեց,թէ նախագահը ժողովուրդէն ընտրելու Միշէլ Աունի առաջարկը Լիբանանի դրուածքին դէմ քայլ մըն է: