– Լիբանանեան խորհրդարանին կից պահակագունդի կրպակին մէջ անակնկալ հրդեհ մը ծագեցաւ երէկ առաւօտեան: Հրշէջները անմիջապէս հասան հրդեհին վայրը եւ մարեցին զայն:
– Զինուորական ատեանի դատախազ Իմէտ Զէյն աւարտեց «Քաթայէպ Ապտալլա Ազամ» ահաբեկչական խմբաւորումի պատասխանատուներէն Ճամալ Տաֆթարտարի հետ հարցաքննութիւնները եւ թղթածրարը փոխանցեց հետաքննիչ ատեանին:
– Խորհրդարանական ելեւմտական հարցերու յանձնախումբը երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի գլխաւորութեամբ յառաջիկայ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10.30-ին պիտի գումարէ նիստ մը:
– Մուսթաքպալ Հոսանքի պետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան բանակին կողմէ պաղեստինցի պատանի Մահմուտ Ապու Խըտրի վայրագ սպանութիւնը: Սինիորա դատապարտեց Իսրայէլի ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը: Ան պահանջեց ոչ միայն դատապարտել Ապու Խըտրի ոճիրը, այլեւ գործնական միջոցներով կանխել Իսրայէլի ոճիրները եւ կասեցնել բնակութեան ծրագիրները:
– Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը Թրիփոլիի մէջ գումարեց ընդլայնուած նիստ մը եւ քննարկեց ուսուցիչներուն պահանջները: Սեփական վարժարաններու սենտիքայի միութեան նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտարարեց, թէ ուսուցիչները պիտի չսրբագրեն պետական քննութիւններու հարցարանները: Մահֆուտ աւելցուց .« Այսօր թող որոշեն աշխատավարձերու յաւելումները, վաղն իսկ կ’իջնենք աշխատանքի»: