Համաշխարհային Դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը հաստատեց Հայաստանին 50 միլիոր տոլարի վարկ մը տրամադրելու առաջարկը: Սոյն գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ առեւտուրի մարզը խթանելու եւ ենթակառուցուածքի որակը բարելաւելու նպատակով: 1992-ին, Համաշխարհային Դրամատան միանալէ ետք, Հայաստան, զանազան ծրագիրներու յաջողութեան համար, միջազգային կառոյցէն ցարդ ստացած է 1 միլիառ 961 միլիոն 73 հազար ամերիկեան տոլար գումար: