Միացեալ Նահանգներ Հինգշաբթի օր, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւնները վերսկսելու կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին: Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Ճեն Փսաքի մաղթեց, որ զոյգ պետութիւններու նախագահները կ’ընդունին Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպելու նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հրաւէրը: Փսաքի, իր խօսքին մէջ ընդգծեց հանդիպումը ամենաշուտ միջոցին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան միաժամանակ թելադրեց հրաժարիլ սպառնական եւ ոչ կառուցողական յայտարարութիւններէն: