ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Երկօրեայ դադարէ ետք, այսօր՝ Ուրբաթ երեկոյեան Ֆրանսա – Գերմանիա հանդիպումով կը վերսկսի Մոնտիալ 2014-ի ֆութպոլային փառատօնը: Մեր մարզասէր ընթերցողներուն ամփոփ ակնարկով մը պիտի փորձենք ներկայացնել քառորդ աւարտական հանգրուան հասած հաւաքականներուն կարելիութիւնները:
ՊՐԱԶԻԼ – Տանտէրները կը նկատուին Մոնտիալ 2014-ի գլխաւոր յաւակնորդները: Անոնց գլխաւոր «զէնք»ը անկասկած թիւ 10-ը շապիկը կրող Նէյմարն է: Պրազիլ, անցեալ Ամառ նուաճեց միջցամաքային բաժակը եւ սեփական հողի վրայ անպարտելի կը մնայ վերջին 40 տարիներուն: Պէտք չէ մոռնալ, որ Պրազիլ արդէն հինգ առիթներով շահած է Մոնտիալի բաժակը : Նէյմար կը մնայ Պրազիլի յաջողութեան բանալին: Ան, արդէն իսկ նշանակած է չորս կոլ: Սակայն Պրազիլի հաւաքականէն կը բացակայի ներդաշնակութիւնը: Մեքսիքոյի դէմ հաւասարութիւնը եւ Չիլլի դէմ փենալթիներով յաղթանակը ապացուցեցին, թէ յատկապէս պաշտպանութեան օղակը կրնայ ընկրկիլ լուրջ յարձակումներու առջեւ:
ԳՈԼՈՄՊԻԱ – Պաշտօնապէս յայտարարուելէ ետք, թէ Ռատամէլ Ֆալաքաօ պիտի բացակայէր Մոնտիալին ներկայացող Գոլոմպիայի հաւաքականէն, ֆութպոլի մասնագէտները անմիջապէս ջնջեցին երկրորդ հանգրուան անցնելու Գոլոմպիայի յոյսերը: Սակայն, Ճէյմի Ռոտրիկէզ մոռացութեան մատնեց Ֆալքաոյի բացակայութիւնը: Վերջինս, 5 կոլերով կը գլխաւորէ Մոնտիալ 2014-ի գլխաւոր ռմբարկուներու ցուցակը: ա
ՖՐԱՆՍԱ- Գոլոպիայի նման, շատեր առանձնապէս մեծ յոյսեր չէին կապեր Ֆրանսայի հաւաքկանին հետ, յատկապէս Ֆրանք Ռիպերիի բացակայութեան: Սակայն, Մաթիու Վալպուենա ապացուցեց արժանի փոխարինող մը ըլլալու իրողութիւնը: Միւս կողմէ, Քարիմ Պենզեմա եւ Փօլ Փոկպա կը մնան Ֆրանսայի հաւաքականին ձեռք բերած յաջողութիւններուն առանցքային ուժերը:
Տպաւորիչ է ֆրանսացիներուն ցուցադրած թափանցիկ, յարձակողական ֆութպոլը: Անոնց նշանակած ութ կոլերը ենթադրել կու տան, թէ ֆրանսացիները կրնան վտանգի ենթարկել ամենահզօր պաշտպանութիւնները:
ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Գերմանացիներուն կազմակերպուած խաղաոճը եւ յառաջապահ գիծին վրայ Թոմաս Միւլըրի, Մեսութ Օզիլի, Թոնի Քրուսի եւ Անտրէ Շուրլիի ներկայութիւնը զօրաւոր երաշխիքներ են, որ անոնք պատրաստ են գրաւելու շատ մը խումբերու բերդը: Որոշ հարցականներ կան անոնց պաշտպանողական օղակին շուրջ:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ – Պրազիլէն ետք, Արժանթին կը մնայ հարաւային Ամերիկայի երկրորդ յաւակնորդը: Բայց աւելի լաւ հասկնալու համար Արժանթինի հաւաքականէն ներս տիրող մթնոլորտը,բաւարար է լսել Զուիցերիոյ դէմ արձանագրած յաղթանակէն ետք Լիոնէլ Մեսիի յայտարարութեան.«Արժանթին բախտաւոր յաղթանակ մը տարաւ Զուիցերիոյ դէմ..»: Միւս կողմէ, Մեսիի նման ֆութպոլիստ մը, որեւէ պահուն կրնայ կարելիի վերածել անկարելին: Մասնագէտները յաճախ Մեսին կը քննադատեն՝ Արժանթինի շապիկով Պարչելոնայի մարզավիճակը ցոյց չտալու պատճառով: Այս Մոնտիալին անոնք հաւանաբար փոխէն իրենց տպաւորութիւնը:
ՊԵԼՃԻՔԱ- Պելճիքացիները կրնան որեւէ պահուն կոլային առիթներ ստեղծել: Խնդիրը «Ֆինիշինկ»ի բացակայութիւնն է: Օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու դէմ հանդիպումին, ամերիկացիներու բերդապահը՝ Թիմ Հաուըրտ, 16 անգամ մէն մինակ մնաց պելճիքացի ֆութպոլիստներու դէմ եւ 16 անգամ արգիլեց գրաւել բերդը..: Պելճիքացիներու պաշտպանութիւնը յուսալի է: Պելճիքացիները աւելի հաւասարկշռուած խումբ մը պատրաստած են քան Ֆրանսան եւ Գերմանիան:
ՀՈԼԱՆՏԱ- Բաւական լուրջ հարցում մը. Հոլանտայի ո՞ր կազմը պիտի մրցի Գոսթա Ռիքայի դէմ. Սպանիոյ բերդը հինգ անգամ գրաւող Հոլանտան, թէ՞ Մեքսիքոյին յաւելեալ վայրկեաններուն պարտութաեան մատնող Հոլանտան:
ԳՈՍԹԱ ՌԻՔԱ – Գոսթա Ռիքա արժանիօրէն անցաւ քառորդ աւարտական հանգրուան: Անոնք անպարտ դուրս եկան ամենավտանգաւոր նկատուած խմբակէն եւ պարտութեան մատնեցին Ուրուկուէյի եւ Իտալիոյ նման մրցակիցներ:
ՄՈՆՏԻԱԼ 2014-Ի ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
ՈՒՐԲԱԹ, 4 ՅՈՒԼԻՍ 2014
ՖՐԱՆՍԱ ԸՆԴԴԷՄ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԺԱՄԸ՝ 19.00
ՊՐԱԶԻԼ ԸՆԴԴԷՄ ԳՈԼՈՄՊԻԱ ԺԱՄԸ՝ 23.00