Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին առիթով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց դեսպան Ճոն Հեֆըրնը, դեսպանատան պաշտօնէութիւնը եւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային: Ուղերձին մէջ յատկապէս կ’ըսուի.
«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդին անկախութեան օրուան առիթով՝ մաղթելով խաղաղութիւն բարօրութիւն եւ յաջողութիւններ Ձեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ:
Խորապէս կ’արժեւորենք Միացեալ Նահանգներու հետ մեր բարեկամութիւնը եւ ուրախ ենք, որ համատեղ ջանքերով երկկողմ գործընկերութիւնը բարձրացուցած ենք որակապէս նոր մակարդակի: Կը կարեւորենք հայ-ամերիկեան բազմոլորտ համագործակցութեան խորացումը, Հայաստաի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ժողովրդավարութեան կայացմանը Ձեր կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ամերիկեան ներգրաւման ընդլայնումը:
Շեշտադրելով Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի շարունակական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի գործընթացին մէջ՝ կ’ակնկալենք միջնորդական աշխոյժ գործունէութեան շարունակում՝ յանուն Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան»: