Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տիմիթրի Ռոկոզին յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ-ի երկիրները վարժուած ե պատերազմներու բոցը քերոսինով մարելու աւանդութեան:« Ի դէպ, ՆԱԹՕ-ի համար սովորական երեւոյթ է քաղաքացիաան պատերազմներու բոցը քերոսինով մարելը».ըսաւ Ռոկոզին: Ան նաեւ նշեց, որ Ուքրանիոյ ռազմական արհեստագիտութինը եւ սպառազինութեան մեծ մասը անսարք ըլլալու պատճառով, ՆԱԹՕ որոշած է անոր վաճառել խորհրդային ժամանակաշրջանէն Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ առկայ խորհրդային զէնքերը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալթէր Շթայնմայէր շեշտեց, թէ միայն բանակցութիւններու ճանապարհով եւ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ լուծել Ուքրանիոյ տագնապը:
Այլ գետնի վրայ, ՆԱԹՕ-ի չորս ռազմանաւեր մուտք գործեցին Սեւ Ծով: Ըստ Սեւծովեան երկիրներու Մոնթրէի խորհրդաժողովին (1936), ոչ Սեւծովեան երկիրներու ռազմանաւերուն՝ Սեւ Ծովու տարածութեան մէջ գտնուելու ժամկէտը կը սահամանափակուի 21 օրով: