ԱՐԺԱՆԹԻՆ – ՊԵԼՃԻՔԱ` 1-0
Արժանթինի հաւաքականը 1990-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով հասաւ Մոնտիալի կիսաւարտական հանգրուանը: Կոնզալօ Հիկուայինի 8-րդ վայրկեանին նշանակած կոլը բաւարար էր պարտութեան մատնելու Պելճիքան: Կիսաւարտականին, Արժանթինի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հոլանտան: Այսուհանդերձ, Աշխարհի երկակի ախոյեանները բաւական հեռու էին իրենց լաւագոյն մարզավիճակէն: Յատկանշական էր,որ Մոնտիալ 2014-ի ընթացքին, Արժանթինի արձանագրած բոլոր յաղթանակները վերջ գտած են միեւնոյն՝ 1-0 արդիւնքով: Պելճիքայի կիրարկած խաղէն կը բացակայէր ներդաշնակութիւնը: Հանդիպումը՝ Լիոնէլ Մեսիի 91-րդն էր Արժանթինի շապիկով: Ան հաւասարեցաւ Տիէկօ Մարատոնայի կատարած մրցումներուն: Մեսի նշանակած է 42 կոլ, Մարատոնա՝ 34: Յաղթանակէն աւելի, մարզասէրները գնահատեցին Մեսիի ցուցադրած բարձրորակ խաղարկութիւնը, որ շատ հաւանաբար Արժանթինի պարագային դառնայ Մոնտիալը երրորդ անգամ շահելու բանալին: Յատկանշական այլ տուեալ մը՝ Մոնտիալի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Պրազիլ եւ Արժանթին միաժամանակ կը հասնին կիսաւարտական հանգրուան:
«Էսթատիօ Նասիոնալ Տը Պրազիլիա» մարզադաղտին մէջ, Շաբաթ երեկոյեան, 68551 մարզասէրներու ներկայութեան, իտալացի իրաւարար Նիքոլա Ռիզոլի տուաւ Արժանթինի եւ Պելճիքայի միջեւ քառորդ աւարտականի հանդիպումին ազդանշանը: Նշենք, թէ Ալեխանտրօ Սապելլայի կազմը նախորդ հանգրուանին մեծ դժուարութեամբ պարտութեան մատնած էր Զուիցերիան: Պելճիքայի դէմ մրցող Արժանթինի կազմէն կը բացակայէին յետսապահ Մարքոս Ռոխօն, յարձակող Սերժիօ Ակուերօն: Միւս կողմէ, կարճ ապաքինումէ մը ետք,Պելճիքայի կազմին կը վերադառնար յետսապահ Իան Վերմալէնը:
Նախապէս, ֆութպոլի ի պատմութեան մէջ Արժանթին չորս անգամ հանդիպած է Պելճիքայի դէմ: Երեք յաջորդական յաղթանակներու ընթացքին, Արժանթին՝ տասը կոլ նշանակած է եւրոպական հաւաքականին բերդին մէջ: Մէկ յաղթանակ արձանագրած է Պելճիքան: Սակայն Մոնտիալի պատմութեան մէջ, իւրաքանչիւրը արձանագրած է մէկ յաղթանակ: Անոնց միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 1986-ի Մոնտիալին:
Արժանթին դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Ռոմերօ, Զապալեթա,Պասանթա,Մասչերանօ, Տեմիքելիս,Կարայ, Տի Մարիա(Փերէզ), Պիկլիա, Հիկուային(Կակօ), Մեսի, Լաւեզի( Փալասիօ):
Պելճիքա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Քուրթուա,Ալտերուիյրլտ, Վերթոնկէն,Ուիցէլ,Վան Պույթէն, Քոմփանի,Միրալա (Մերթենս),Ֆելայինի, Օրիկի(Լուքաքու), Տը Պրիւն, Հազարտ (Չատլի):