ՀՈԼԱՆՏԱ – ԳՈՍԹԱ ՌԻՔԱ՝ 0-0 (ՓԵՆԱԼԹԻՆԵՐՈՎ՝ 4 – 3)
Բերդապահ Թիմ Քրուլի զսպած երկու փենալթիներուն շնորհիւ Հոլանտայի հաւաքականը յետ երկարաձգումի, փենալթի հարուածներով 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գոսթա Ռիքան եւ հասաւ Մոնտիալ 2014-ի կիսաւարտականին: Քրուլ զսպեց Պրայն Ռուիզի եւ Մայքլ Ումանայի փենալթիները: Հոլանտայի մարզիչ Լուի Վան Կալ, յաւելեալ կէս ժամուան վերջին վայրկեաններուն բերդապահ Սիլիսէնը փոխարինեց Քրուլով: Անոր կատարած փոփոխութիւնը դարձաւ Հոլանտայի յաղթանակին բանալին: Մինչեւ այս յաղթանակը, Մոնտիալի պատմութեան ընթացքին, հոլանտացիները չորս անգամ պարտութեամբ հեռացած էին երկարաձգուած մրցումներէն: Այս յաղթանակը առաջինն էր: Միւս կողմէ, Գոսթա Ռիքա արժանին մատուցեց իբրեւ մրցակից:
Պահիայի «Իթայփաւա Արէնա Ֆորթէ Նովա» մարզադաշտին մէջ, 51179 մարզասէրներու առջեւ, Հոլանտայի հաւաքականը իր ուժերը չափեց Մոնտիալի անակնկալ խումբին Գոսթա Ռիքայի դէմ: Մրցումէն առաջ, Հոլանտայի մարզիչ Լուի Վան Կալ լուրջ դժուարութեան մատնուած էր վիրաւոր կիսապաշտպան Նայճլ Տը Իոնկին լիարժէք փոխարինող մը գտնելու համար: Գոսթա Ռիքա հարցականներ ունէր բերդապահ Քէյլոր Նաւասի եւ միջնապահ Ռորի Միլըր մարզավիճակին շուրջ: Գոսթա Ռիքա, առանց Միլըրի ներկայացաւ դաշտ: Մրցումին իրաւարարն էր Ռավշան Իրմաթով:
Նախքան այս հանդիպումը, Հոլանտա յաղթանակով դուրս եկած էր Մոնտիալի գծով կատարած վերջին տասը մրցումներէն: Գոսթա Ռիքա՝ անպարտելի կը մնար կատարած վերջին չորս մրցումներուն: Հանդիպումը երկու հաւաքականներուն միջեւ, պատմութեան մէջ առաջինն էր:
Հոլանտա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Սիլիսէն(Քրուլ), Քոյթ, Պլինտ,Ինտի(Հանթելաար), Վլաար, Տը Ֆրէյ, Ուինալտոմ, Շնայտըր, Վան Փըրսի, Ռոպէն, Տեփայ(Լենս):
Գոսթա Ռիքա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Նաւաս, Կամպօա(Մայրի),Տիազ Գամպըլ,Ումանա, Կոնզալէս, Աքոսթա, Գափմըլ(Ուրենա), Վելվերտէ(Գուպերօ), Ռուիզ, Պորկէս, Պոլանոս: