Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ եւ բանակի շտապի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Մարթին Տեմփսի կնքեցին միացեալ մամլոյ ասուլիս: Հէյկըլ եւ Տեմփսի յայտարարեցին,թէ ծայրայեղական կազմակերպութիւնները լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան: Զօրավար Տեմփսի դիտել տուաւ, թէ առանց Սուրիոյ մէջ Տաաշի դիրքերը չէզոքացնելու, անկարելի պիտի ըլլայ Իրաքի մէջ պարտութեան մատնել Տաաշը:
Տաաշ Նինուէ քաղաքի բնակիչներէն պահանջած է յանձնել իրենց անձնաթուղթերը, փոխարէնը ստանալ իր կարգախօսը կրող անձնաթուղթեր:
Իրաքեան բանակը յաջողեցաւ զսպել Հատիսա քաղաքին վրայ Տաաշի յարձակումը: