Պաքուի մէջ մեկնարկեց Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան Գործընկերութեան» ծրագիրի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումը: Հայաստան բացակայեցաւ սոյն հանդիպումէն: Եւրոպական Միութեան կողմէ հանդիպման մասնակցեցան Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Մոլտովան ներկայացնող պատուիրակութիւններ: Եւրոպական դրացնութեան հարցերու յանձնակատար Ղթեֆան Ֆիուլէն, Եւրոպական Միութեան գերագոյն ներկայացուցիչի տեղակալ Հելսա Շմիթը եւ քարտուղարութեան ներկայացուցիչներ:
Հանդիպման գլխաւոր նպատակը «Արեւելեան Գործընկերութեան» շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնումն է: