Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Չորեքշաբթի օր կարեւոր խօսք մը պիտի արտասանէ Ուաշինկթընի մէջ: Օպամա պիտի ներկայացնէ այսպէս կոչուած իսլամական պետութեան դէմ՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու վարելիք ռազմավարութիւնը: Օպամայի խօսքը կը զուգադիպի 11 Սեպտեմբերի յարձակումին 13-րդ տարելիցի նախօրեակին: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ, Ուաշինկթընը զգուշացուց Տաաշի դէմ չսերտուած քայլերու հետեւանքներէն:
Լոնտոնի մէջ, վարչապետ Տէյվիտ Գամերոն յայտարեց, թէ Բրիտանիա պաշտօնապէս Հոկտեմբերին պիտի միանայ Տաաշի դէմ միջազգային պայքարին:
Ուաշինկթըն ողջունեց Իրաքի նոր կառավարութիւնը: Պետական քարտուղար Ճոն Քերրի յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ զօրավիգ պիտի կենայ իսլամական պետութեան դէմ Իրաքի կառավարութեան քայլերուն: Քերրի սկսաւ միջինարեւելեան շրջագայութեան մը, որ կ’ընդգրկէ Յորդանանը եւ Սէուտական Արաբիան: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, պետական քարտուղարը կրնայ ընդլայնել շրջագայութեան ծիրը, ընդգրկելով նաեւ Լիբանանը, Եգիպտոսը եւ Քաթարը:
Նշենք, թէ Իրաքի խորհրդարանը վստահութեան քուէ տուաւ վարչապետ Հայտար Արապիի նորաստեղծ կառավարութեան: Արապի՝ Սալէհ Մութլաք(սիւննի) եւ Հոշիար Զիպարի(Քիւրտ) նշանակեց փոխվարչապետի պաշտօնին: Նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Արապիի հետ եւ շնորհաւորեց խորհրդարանին կողմէ անոր շնորհուած վստահութեան քուէն:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն նոյնպէս շնորհաւորեց Իրաքի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, զայն նկատելով կարեւոր յառաջընթաց: Թեհրան նոյնպէս շնորհաւորեց Իրաքի նոր կառավարութիւնը:
Ռիատ յայտարարեց, թէ Հինգշաբթի օր պիտի հիւրընկալէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու արաբական-թրքական- ամերիկեան խորհրդաժողով մը:
Ռազմական գետնի վրայ, Իրաքի ոստիկանութիւնը Անպարի արեւմտեան շրջաններուն մէջ սպաննեց Տաաշի 15 զինեալ: